Մասնագէտներու Կարծիքով. Դիմատետրով «Ծանրաբեռնուած» Պատանիներ Կը Նախընտրեն «Ճռուողել»
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԽՐՏՉԻԼ ԴԻՄԱՏԵՏՐԻ ՎՐԱՅ ԻՐԵՆՑ ՎԻՃԱԿԸ ԲԱՑԱՏՐՈՂ ԱՆՄԻՏ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԵՒ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ԻՐԵՆՑ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՒԱԲԱՐ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՃՆՇՈՒՄԷՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.
Միացեալ Նահանգներու Փիւ ուսումնասիրական կեդրոնին կողմէ հրապարակուած նոր ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ պատանիներու «խանդավառութիւնը կը նահանջէ» Դիմատետրի նկատմամբ, եւ թէ` համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող կեդրոնները հետզհետէ ծանր բեռի կը վերածուին անոնց համար:
Տեղեկագիրին մէջ կը նշուին շարք մը պատճառներ` Դիմատետրի նկատմամբ հետզհետէ նուազող խանդավառութեան, ինչպէս` «ցանցերու վրայ չափահասներու հետզհետէ աճող թիւ» (հարցապնդուած պատանիներուն 70 առ հարիւրը կ՛ըսէ, թէ Դիմատետրի վրայ բարեկամ է իր ծնողներուն հետ), բարեկամներու հետ «անմիտ մանրամասնութիւններ» բաժնելու ստեղծած տհաճ վիճակ, համացանցի վրայ իրենց հռչակը պահելու եւ միաժամանակ` հոն կատարուող անցուդարձերուն հետ քայլ պահելու ճնշում:
Ուսումնասիրութիւնը նաեւ ցոյց տուած է, թէ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով պատանիներ սկսած են Թուիթըր գործածել: Թէեւ Թուիթըր շատ աւելի նուազ թիւով բազմութիւններ կը ներգրաւէ, քան` Դիմատետրը, սակայն կարճ պլոկի նման գործող այս սպասարկութիւնը գործածող պատանիներուն թիւը նկատառելի մագլցում արձանագրած է. համեմատութիւնը 16 առ հարիւր էր 2011-ին, իսկ 2013-ին հասած է 24 առ հարիւրի:
Դիմատետրէն Թուիթըր այս կարճ ոստումը յայտնապէս կ՛ապացուցէ այն իրողութիւնը, թէ համացանցի վրայ ամէն ինչ իրարու հետ բաժնելու երեւոյթը այլեւս նորոյթ չէ ընկերային ցանցեր գործածող պատանիներու հաւաքականութեան մէջ:
Թէեւ Դիմատետրը կը շարունակէ ժողովրդականութիւն վայելել (պատանիներ կ՛ըսեն, թէ իրենց ներկայութիւնը կը պահեն այս կեդրոնին մէջ` պարզապէս դուրս չմնալու համար), սակայն Թուիթըրի եւ Ինսթակրամի նման սպասարկութիւններ շատ աւելի բարձր մակարդակի գոհունակութիւն կը պարգեւեն զանոնք գործածողներուն, ինչպէս կը նշէ տեղեկագիրը:
Տեղեկագիրը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ մինչ Դիմատետրը պատանիներուն վրայ կը ճնշէ «ընկերային ակնկալութիւններով եւ կաշկանդումներով», անդին` ընկերային կապեր հաստատող համեմատաբար նոր սպասարկութիւններ առիթ կու տան աւելի ազատօրէն արտայայտուելու:
Փոփոխութիւնը ցուցանիշ է այն ճնշումին, զոր պատանիներ կը զգան` համացանցի վրայ իրենց հռչակը ձեւաւորելու պարտաւորութեան պատճառով: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ պատանիներուն 74 առ հարիւրը կրճատած է իր բարեկամներուն ցանկը: Անոնց 59 առ հարիւրը ջնջած է կամ վերատեսութեան ենթարկած է Դիմատետրի վրայ հրապարակած իր անցեալի նիւթերը, իսկ 58 առ հարիւրը կ՛ըսէ, թէ հրապարակած է միայն սեղմ շրջանակի մը համար հասկնալի տողեր` զանոնք թաքցնելու համար ուրիշներէն:
Դիմատետրի վրայ «բան մը կատարելու» սուր կարիքը ակներեւ է` ընկերային կապեր հաստատող այլ ցանցերու բաղդատած. Թուիթըր գործածողները շատ աւելի սակաւաթիւ «հանդիսատեսներ» ունին. միջին հաշուով` 79 հետեւորդ, մինչդեռ Դիմատետրի վրայ բարեկամներու միջին թիւը 300 է:
Հակառակ համացանցի վրայ իրենց հռչակին նկատմամբ ուշադիր կեցուածքին` ընկերային կապեր հաստատող ցանցեր գործածող պատանիներուն 9 առ հարիւրը «խոր մտահոգութիւն» կը յայտնէ, որ իրենց բարեկամներու ցանկէն դուրս անձեր կրնան հասողութիւն ունենալ իրենց տեղադրած նիւթերուն:
Այսուհանդերձ, ընկերային կապեր հաստատող սպասարկութիւններ գործածող պատանիներուն կարծիքները մտածել կու տան, թէ անոնց մեծ մասը կը վստահի տեղեկութիւններ թաքուն պահելու Դիմատետրի կարողութեան: Միջնակարգի աշակերտ մը կը գրէ. «Ան, որ բարեկամս չէ, չի կրնար որեւէ բան գիտնալ իմ մասիս, բացի` անունէս եւ սեռային պատկանելիութենէս: Չեմ կարծեր, որ Դիմատետրը կրնայ օգտագործել իմ տեղադրած տեղեկութիւններս»: Փիւի ուսումնասիրութեան համաձայն, երկրորդականի աշակերտներ եւս յայտնած են «նմանօրինակ զգացումներ»:

