Մասնագէտներու Կարծիքով. Պէտք Է Առիթ Տալ, Որ Մանուկներ Ձանձրանան…
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
… ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՆՈՆՔ ԿԱՐԵՆԱՆ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ԻՐԵՆՑ ԲՆԱԾԻՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԳՐԷ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»` ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՎ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ:
Թըրիսա Պելթընի համաձայն, մշակութային այն ակնկալութիւնները, թէ մանուկներ պէտք է տեւաբար բանով մը զբաղին, կրնան խանգարել անոնց երեւակայութեան զարգացումը:
Պելթըն հարցումներ ուղղած է գրագէտ Միրա Սայալի եւ արուեստագէտ Կրէյսըն Փերիի, հասկնալու համար, թէ ձանձրոյթը ինչպէ՛ս օգնած է իրենց ստեղծագործելու կարողութեան, երբ տակաւին մանուկ էին:
Սայալ պատասխանած է, թէ ձանձրոյթը զինք մղած է գրելու, իսկ Փերի զայն կոչած է` «ստեղծագործելու վիճակ»:
Իսթ Անկլիա համալսարանին մէջ Կրթութեան եւ յարատեւ սորվելու բաժանմունքի աւագ ուսումնասիրող Պելթըն հարցազրոյցներ կատարած է շարք մը գրագէտներու, արուեստագէտներու եւ գիտնականներու հետ` հետազօտելու համար ձանձրոյթին ներգործութիւնը:
Սայալ պատմած է իր մանկութեան յուշերը. ան հասակ նետած է հանքագործական փոքրիկ գիւղաւանի մը մէջ, ուր իր ուշադրութիւնը ցրուող զբաղումները սակաւաթիւ էին:
«Զբաղում չունենալը զայն մղած է խօսելու մարդոց հետ, որոնց այլապէս առիթ պիտի չունենար լսելու: Ան փորձած է այլ բաներով զբաղիլ, ապրիլ` տարեց դրացիներու հետ խօսելու փորձառութիւններ, կարկանդակներու պատրաստութեան ձեւեր սորվիլ», կը բացատրէ Պելթըն:
«Ձանձրոյթը յաճախ կ՛առնչուի առանձնութեան հետ: Սայալ իր մանկութեան տարիներուն ժամեր անցուցած է` պատուհանէն դուրս դաշտերն ու անտառները դիտելով, հետեւելով օդերեւոյթի եւ եղանակներու փոփոխութեան»:
«Սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, թէ ձանձրոյթը զայն մղած է գրելու: Ան օրագիր պահած է կանուխ տարիքէն, գրի առնելով դիտարկումներ, կարճ պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ եւ պոռթկումներ: Ան կանուխ տարիքէն գրելու այս վարժութեան կը վերագրէ մեծնալէ ետք գրագէտ դառնալը», կ՛ըսէ ան:
Խորհրդածութեան Առիթ
Սայալ, որ գրագէտ դառնալէ առաջ կատակաբան էր, կ՛ըսէ. «Ճերմակ պարապ թուղթի մը դիմաց պարտադիր առանձնութիւնը հրաշալի մղիչ ուժ մը կը պարունակէ»:
Փերի ձանձրոյթը օգտակար կը նկատէ նաեւ չափահասներու համար. «Որքան մեծնամ, այնքան աւելի հաճոյք կը զգամ խորհրդածելով եւ ձանձրանալով: Ձանձրոյթը ստեղծագործական բուռն վիճակ մըն է»:
Իսկ ջղագէտ եւ ուղեղի մասնագէտ Սիւզըն Կրինֆիլտ կը պատմէ մինչեւ 13 տարեկան առանց քոյր կամ եղբօր աղքատ ընտանիքի մը մէջ իր ապրած մանկութեան մասին:
«Ան ուրախութեամբ ինքզինք կը զբաղցնէր պատմութիւններ շինելով, իր պատմութիւնները պատկերազարդելով եւ գրադարան յաճախելով», կ՛ըսէ Պելթըն:
Պելթըն մասնագէտ է վարուելակերպի եւ սորվելու կարողութեան վրայ զգացումներու ներգործութեան: Ան կը բացատրէ, թէ ձանձրոյթը նաեւ «տհաճ զգացում մը կրնայ ըլլալ», հետեւաբար մարդկային ընկերութիւնը «զարգացուցած է տեւաբար զբաղած ըլլալու եւ տեւաբար խթաններ ստանալու ակնկալութիւն մը»:
Սակայն ան նաեւ կը նշէ, թէ ստեղծագործելու համար «անհրաժեշտ է ունենալ ներքին մղիչ ուժ մը»:
«Բնութիւնը կը խորշի պարապութենէն, եւ մենք կը փորձենք լեցնել զայն,- կ՛ըսէ ան:- Կարգ մը անչափահասներ, որոնք զուրկ են ուժի ներքին աղբիւրներէն կամ ձանձրոյթին հակազդելու ներքին ուժէն, կը սկսին փողոցին մէջ պասի կայարաններ կոտրտել կամ ինքնաշարժով պտտիլ` պարզապէս հաճելի ժամանակ անցընելու համար»:
Կարճ Շունչ
Պելթըն, որ նախապէս ուսումնասիրած է պատկերասփիւռի եւ տեսերիզներու ներգործութիւնը մանուկներուն գրելու կարողութեան վրայ, կ՛ըսէ. «Այս օրերուն, երբ մանուկներ ընելիք չունին, անմիջապէս պատկերասփիւռի, համակարգիչի, բջիջային հեռաձայնի կամ թուային այլ տեսակի պաստառի մը կը դիմեն: Անոնք հետզհետէ աւելի ժամանակ կ՛անցընեն նման պաստառներու դիմաց»:
«Սակայն մանուկներ պէտք է պահ մը կանգ առնեն եւ դիտեն: Անոնք կարիքը ունին ժամանակի` երեւակայելու եւ իրենց սեփական մտածողութեան գործընթացը զարգացնելու կամ իրենց փորձառութիւնները միաձուլելու` իրենց խաղերուն ընդմէջէն, դիտելու` իրենց շրջապատի աշխարհը»:
Ասիկա երեւակայութիւնը խթանելու ձեւ մըն է, կ՛աւելցնէ Պելթըն, մինչդեռ թուային պաստառը «կը կրճատէ այս գործընթացը եւ ստեղծագործելու կարողութեան զարգացումը»:
«Կը սկսիս գրել, որովհետեւ ուրիշ ոչինչ կայ փաստելու, ոչինչ` կորսնցնելու, ոչինչ ընելու», կ՛աւելցնէ Սայալ:
«Ազատագրող վիճակ մըն է ստեղծագործելը առանց պատճառի, այլ պարզապէս` ազատ կամքով եւ ժամանակը լեցնելու համար»:
«Թերեւս գէթ ստեղծագործելու սիրոյն պէտք է քիչ մը դանդաղեցնենք մեր կեանքը եւ մերթ ընդ մերթ հեռու մնանք համացանցէն», կ՛ըսէ ան:



