Ողբամ Զքեզ, Հալէպ Քաղաք
ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ
Արդեօք մարգարէ՞ մը պէտք է ըլլայի, որպէսզի ողբայի Երեմիայի նման իր սիրած քաղաքին քանդումը եւ հրկիզումը, թէ՞ Հալէպ քաղաքի մեղքերուն համար հասան այս պատուհասները. այն ատեն թերեւս պէտք է ունենայի Գրիգոր Նարեկացիի մը սրբութիւնն ու հանճարը` խնդրելու համար եւ աղաչելու Աստուծոյ, որ ներէ այս քաղաքին եւ այլեւս հեռացնէ չար ձեռքերը անոր վրայէն: Միթէ սխալա՞ծ են անոնք, որոնք կ՛ըսէին, կամ Հալէպ քաղաքի հին պատմութեան մէջ գրած են, որ Աստուածաշունչի հրեաներու նախահայրը նկատուող Հայր Աբրահամը օրհնած է Հալէպ քաղաքը եւ որեւէ չարիք չի հասնիր անոր. այս մէկուն իբրեւ վկայութիւն կը բերէին հնամեայ բերդը, որ դարեր շարունակ կանգուն մնացեր է, թէեւ հիմա զայն ալ խոցեցին:
Վերջին տարիներուն փոխուեցան ամէն տեսակի գովքի խօսքերը, եւ Հայր Աբրահամի օրհնութիւնը կարծէք վերածուած է անէծքի, երբ այնքան հանդարտ ու բարօր Հալէպ քաղաքը եղաւ դժոխքի խառնարան մը: Հարիւր հազարներով մարդիկ լքելով զայն` նախընտրեցին իրենց եւ իրենց ընտանիքներուն կեանքին ապահովութիւնը, քան` տասնամեակներէ ի վեր իրենց կառուցած տուներն ու շէնցուցած թաղերը. անոնք, կարօտը իրենց սրտին, փախան կրակներու մէջէն` առանց ետին դառնալու ահ ու վախով, ականատես ըլլալով փողոցներուն մէջ պարզուած ահաւոր տեսարաններուն` լքեալ դիակներ ու քարուքանդ թաղեր:
Այսօր ա՛յս է շէն ու խճողուած Հալէպին վիճակը, որ ամէն օր յառաջդիմող շուկաներով եւ խանութներով լքուած է հիմա իր դժխեմ բախտին` սպասելով թերեւս աւելի վատ գալիք օրերուն: Հալէպը Եղեռնի արհաւիրքի օրերուն դարձած էր վերջին կայանը, Տէր Զօրէն մազապուրծ եւ հրաշքով ողջ մնացած խլեակներուն փրկութեան լաստը. այստեղ արաբ հիւրընկալ ժողովուրդին ընձեռած առիթին շնորհիւ, հայու բեկորները միատեղուելով, շարունակեցին կառչիլ կեանքին, կազմեցին ընտանիքներ ու տարիներու ընթացքին ծաղկեցան ու նախանձելի դիրքի հասնող գաղութ դարձան:
Անշուշտ բազմահազար գաղթական սուրիացի ժողովուրդին հետ նաեւ հոծ թիւով հայ անհատներ կամ ամբողջ ընտանիքներ ցրուեցան հոս ու հոն, այս անգամ` ոչ թէ բռնի տեղահանութեամբ, ինչպէս Կիլիկիոյ պարագային, այլ` պարտադրուած եղանակով գաղթ մը, որ կրնայ առժամեայ նկատուիլ ոմանց կողմէ, սակայն ցնցուեցաւ ու տարտղնեցաւ գաղութը: Ոմանք ալ կ՛ըսեն, թէ հեռուէն ու մօտէն թուրքին ձեռքը կայ խնդիրներուն մէջ, միայն մէկ տարբերութեամբ, որ բոլորովին անտէր չեն, օգնութեան հասնողներ կան Հայաստանէն, Լիբանանէն եւ սփիւռքի նոյնիսկ ամէնէն հեռաւոր գաղութներէն` առանց խտրականութեան:
Այլ գոհունակութիւն մը եւս ունեցանք այս թոհուբոհին մէջ, որ հայ երիտասարդութիւնը դարձեալ ցոյց տուաւ իր քաջ եւ անձնազոհ դէմքը` նման Լիբանանի դէպքերուն ընթացքին, եւ իրենց տրուած կարելիութեանց չափով կը հասնին, ուր որ կրնան: Պատի՛ւ իրենց եւ ջերմ համբոյրներ իրենց ճակատին: Ահա յոյսը մեր գոյատեւման:
Սակայն այս անսպասելի ու անբախտ դէպքերը եկան բոլորովին խանգարելու հալէպահայութեան շէն կեանքը. ինչպէ՞ս կարօտով չյիշենք Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ուր անցուցինք մեր պատանութեան գեղեցիկ օրերը, երբ տակաւին մեր ականջին կը հնչէ Մինաս Թէօլէօլեանի մետաղեայ ձայնը ու տեւաբար շարժուն պատկերը, որ կ՛աճապարէ դասարանէ դասարան բաշխելու իր մտաւոր հացը «Դար մը գրականութեան» շտեմարանէն` շուտով հասնելու իր գրասենեակը եւ անդադար շարժելու իր գրիչը` պատրաստելու յաջորդ օրուան խմբագրականը «Արեւելք» օրաթերթին, զոր դարձեալ թարմ հացի նման սպասողներ կային ամէն առաւօտ:
Ընդհանուր հսկիչ Կարապետ Սապունճեանի գոռ ձայնը` յատկանշական էր` խանգարիչ աշակերտները ուղղութեան հրաւիրող, զբօսանքներուն արագ քայլափոխերով կ՛ուղղուէր ընդարձակ բակին մէկ ծայրէն միւսը:
Այնտեղ դրոշմուած է նաեւ անջնջելի պատկերը Ճեմարանի սիւներէն առաջնորդ Զարեհ եպս. Փայասլեանի, որ իր պարթեւ հասակով իր հետեւորդներով կը կտրէր այդ բակին տարածքը գլխաւոր դռնէն մինչեւ տեսչարան, կամ զրոյցի կը բռնուէր ուսուցիչներու հետ:
Հոն կը գտնուէր նաեւ Հրաչ Փափազեան, որ անխօս կը ճեմէր դասարաններու շուրջ այն ներքին գոհունակութեամբ, որ Մեծ եղեռնի կազմակերպիչ հրէշները զգետնելու կարգը անցած է եւ հիմա նոր սերունդ հասցնելով վրէժը կը լուծէր հայը բնաջինջ ըրած կարծող գազան թուրքին:
Տասնամեակներով թիթեղածածկ մնացած դասարաններէն փառաւոր շէնքեր մէջտեղ բերած Ճեմարանը հիմա ռումբերու տնքոցին տակ իր բախտին կը սպասէ, թէ արդեօք ե՞րբ անողորմ հրթիռ մը իր ո՛ր մէկ պատը պիտի քանդէ:
Ու տակաւին մարդիկ, որոնք իրենց ընտանեկան եւ արհեստի գործերով զբաղած կ՛ըլլային եւ ամիսներով չէիր կրնար տեսնել զիրենք, հիմա Լիբանան, Պուրճ Համուտի կամ Անթիլիասի փողոցներէն մէկուն մէջ կը հանդիպիս անոնց: Անոնք կը շրջին մտահոգ եւ անհամբեր դէմքով համրելով ժամերը, թէ ե՛րբ պիտի կրնան վերադառնալ իրեն սիրելի քաղաքն ու տունը:
Այո՛, միջազգային քաղաքականութեան մութ եւ վատ հաշիւները այս անգամ եկան խանգարելու հալէպահայութեան քունը եւ կեանքը: Մաղթենք, որ ընդհանրապէս Սուրիոյ ամբողջ ժողովուրդը տառապեցնող այս փոթորկոտ եւ անտանելի դարձած ճնշիչ տագնապը շուտով անցնի գէշ երազի նման:

