Հայաստանեան Արահետ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Կան ծրագիրներ, որոնց մասին երբ կ՛իմանաս,  ուղղակի կը խայտայ հոգիդ:

Այդ ծրագիրներէն վերջինը «Արահետ դէպի Հայաստան» նախաձեռնութիւնն է, որուն բացումը տեղի ունեցաւ քանի մը օր առաջ, Երեւանի մէջ, «Դէպի Հայք» ծրագիրի ղեկավարներուն եւ մասնակիցներուն կողմէ:

«Դէպի Հայք»-ի յաջող ընթացքին արդիւնքն է այս նոր ծրագիրը: Սփիւռքահայ երիտասարդները Հայաստանով հրապուրելու, հայրենի առօրեային մէջ մխրճելու, հողին վրայ աշխատելու, հայրենիքը շէնացնելու գործին մէջ շօշափելի ու անձնական ներդրում ունենալու հոգեկան գոհացման հետ` երկրի հողն ու ջուրը, սարն ու ձորը պաշտելու ծրագիր է «Դէպի Հայք»-ը, որ արդէն կ՛անցնի առաւել պատասխանատու հանգրուան` արահետ բանալու Հայաստանի մէջ երկարատեւ (նկատեցէ՛ք, որոշ նրբանկատ մօտեցումով կամ զգուշաւորութեամբ, մշտական բառը չեն օգտագործեր իրենց ծանուցման մէջ: Հաւանաբար չեն ուզեր այդ բառով ճնշումի, բարոյական պարտքի տակ դնել զանոնք: Ի վերջոյ, եթէ քանի մը ամիսը աւելի երկարատեւ կը դառնայ, ապա երկարատեւը դիւրութեամբ մշտական չի՞ կրնար դառնալ) բնակութիւն հաստատել փափաքող հայքականներուն:

Մինչ «Դէպի Հայք»-ի մասնակիցները կամաւոր աշխատանքի կ՛երթան Հայաստան, «Արահետ դէպի Հայաստան»-ը դուռ կը բանայ վարձատրուող աշխատանքով այնտեղ բնակելու կարելիութեան` այդ ուղղութեամբ անոնց անհրաժեշտ օժանդակութիւն տրամադրելով:

Յաջողութիւն կը մաղթենք այս նոր ծրագիրին ու կը շնորհաւորենք զայն յղացողներն ու գործադրողները: Այս եւ նման ծրագիրներ, որոնցմէ ամէնէն հետեւողականները «Երկիր եւ մշակոյթ» ու Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան տարբեր շրջաններու կողմէ հովանաւորուած «Երիտասարդական կամաւորական խումբեր»-ն են, արժանի են բոլորիս քաջալերանքին: Յղում`

http://www.birthrightarmenia.org/index.php?menu=1&al=PathwayProgram

 

 

Share this Article
CATEGORIES