«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Ամառնային 2-րդ Ռելիին Կը Մասնակցին 24 Ինքնաշարժներ
«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ամառնային 2-րդ ռելիին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 24 ինքնաշարժներ:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ Ժեզզինի շրջանին մէջ (հարաւ)` կիրակի, 9 յունիսին:
Նշենք, որ անիկա կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Անոր ընդհանուր երկարութիւնն է 264,81 քմ:
Մասնակցողներուն կարգին են Ռոժէ Ֆըղալի, Ապտօ Ֆըղալի, Կարօ Յարութիւնեան, Ժիլպեր Պաննութ, Յովիկ Գարակէօզեան, իսկ վարորդներուն օգնականներուն կարգին է Վիգէն Գալաճեան:
Երէկ երեկոյեան «Ա. Թէ. Սէ. Էլ»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ ինքնաշարժներու շարժակներուն քննութիւնը:
Ըստ կազմակերպիչներուն, կ՛ակնկալուի, որ առաջին ինքնաշարժը Ժեզզինի հրապարակը ժամանէ երեկոյեան ժամը 17:30-ին (կիրակի օր):


