2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Եւրոպայի Գօտի. Մալթա Արձանագրեց Իր Առաջին Յաղթանակը` Հայաստանի Հաշուոյն
Երէկ երեկոյեան 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Եւրոպայի գօտիին Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Մալթան:
Նախքան իր այս մրցումը կատարելը, հայրենի կազմը կատարած էր չորս մրցում` արձանագրելով յաղթանակ մը միայն եւ կրելով երեք պարտութիւն:
Հետեւաբար, այս մէկը նկատի ունենալով, հայրենի կազմին համար յաղթանակը կը նկատուէր կարեւոր, որպէսզի Պրազիլ մեկնելու յոյսերը չչքանային:
Սակայն անակնկալօրէն հիւր կազմը 8-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` ցնցելով բերդապահ Ռոման Պերեզովսքիին բերդին ուռկանը:
Նախքան Ա. կիսախաղին սուլիչին ձայնը լսուիլը, Հայաստան կոլ նշանակելու երկու ստոյգ առիթներ ունեցաւ, սակայն անոնք չտուին իրենց պտուղը եւ Հայաստան հանդերձարան ուղղուեցաւ` 1-0 արդիւնքով ուշացած:
Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան` փոխարինելով Էտկար Մանուչարեանը:
Պէտք է ըսել, որ Բ. կիսախաղին հայկական կողմին գրոհները սկսան դառնալ քիչ մը աւելի կազմակերպուած եւ վտանգաւոր` նկատի ունենալով, որ ժամանակը հետզհետէ կը սկսէր դառնալ ի հեճուկս Հայաստանի եւ մարզիչ Վարդան Մինասեանի կազմը կ՛ուղղուէր դէպի իր 4-րդ պարտութիւնը:
Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ Մալթա արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` Հայաստանի հաշուոյն:

