Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ
Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ մերթ ընդ մերթ մայրաքաղաք Դամասկոսի խաղաղ թաղամասերը հրասանդի հրթիռներու թատերաբեմի կը վերածուին:
Անցնող երկու օրերուն Թիժարայի եւ Զապլաթանիի թաղամասերը, ուր կ՛ապրին նաեւ հայեր, ենթարկուեցան հրթիռներու: Սոյն թաղամասերուն մէջ ապրող հայերու բնակարան մը կրեց նիւթական թեթեւ վնասներ, իսկ երէկ կէսօրէ ետք Զապլաթանիի մէջ թեթեւ վնասուածքով հայ պատանի վիրաւոր մը արձանագրուեցաւ:
Հակառակ մայրաքաղաքի կեդրոնի խաղաղութեան, օրուան ընթացքին Դամասկոսի արեւելեան ծայրամասերէն թնդանօթներու հարուածներու ձայներ կը լսուին:
CATEGORIES Գաղութային

