«Կանխահաս Ընտրութիւններու Մասին Խօսիլը Ապարդիւն Է, Անարդար Եւ Օրէնքը Կը Խախտէ» Կ՛ըսէ Մուրսի

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի յայտնեց, որ բոլորը ազատութիւնը ունին, բոլորը իրաւունք ունին իրենց տեսակէտը յայտնելու եւ խաղաղ գործունէութիւն տանելու, բան մը, որ զինք չի մտահոգեր, ընդհակառակն` կ՛ուրախացնէ, իսկ օրէնքը խախտելը, բռնի ուժի օգտագործումը կամ զայն ջատագովելը պիտի չընդունի եւ չարտօնէ:

Մուրսի եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսելով 30 յունիսին «Թամարրոտ» շարժումին հրաւիրած ցոյցին մասին յայտնեց, որ «մենք սահմանադրութիւն եւ օրէնք ունեցող պետութիւն ենք եւ ազատ ու արդար ընտրութիւններ կատարեցինք, իսկ նախագահական կանխահաս ընտրութեան մասին խօսիլը ապարդիւն է եւ անարդար, ատիկա օրէնքին, սահմանադրութեան, աւանդութեան եւ ժողովուրդի կամքին կը հակասէ»:

Ան ըսաւ, որ «Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը իշխող կուսակցութիւն չէ եւ մեծամասնութեան ու կուսակցական հասկացողութեամբ չէ, որ կ՛առաջնորդուինք, այլ` ատակութիւնն է հիմքը, իսկ ամէն մարզի մէջ Իսլամ եղբայրներու վերահսկողութեան հաստատումը ապակողմնորոշող խորագիր է»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իշխանութիւնները կ՛ամբաստանուին կարգ մը հարցերով, ինչպէս` Ռաֆահի մէջ զինուորներու սպանութեան կամ առեւանգման հարցը ծածուկ կը պահեն, Եգիպտոսի նախագահը յայտնեց, որ «հետաքննութիւններուն մասին չյայտարարելը չի նշանակեր, թէ թափանցիկութիւն չկայ, եւ երբ հետաքննութիւնները ամբողջանան, անոնց մանրամասնութիւնները կը յայտարարենք»:

«Սինայի վերաբերեալ ռազմավարութիւնը հիմնուած է երկու առանցքի վրայ, առաջինը` բարգաւաճման, իսկ միւսը` ապահովական: Սինայի բնակիչները իրաւունք ունին ապահով կեանք ունենալու եւ իրենց զաւակները` ակներեւ դիրքեր ունենալու»:

Ինչ կը վերաբերի արտաքին ֆինանսաւորման հարցերուն, Մուրսի ըսաւ, որ այդ մէկը հին հարց մըն է եւ նախագահական ընտրութիւններէն առաջ տեղի ունեցած է, «ուստի արդարադատութիւնը իր ընթացքը առած է, եւ մենք շարունակ կ՛ըսենք, որ անիկա անկախ է եւ կրնայ իր վճիռները առարկայական կերպով արձակել, ինչպէս նաեւ կրնայ արդարութիւնը հաստատել»:

Միւս կողմէ, եգիպտական «Թամարրոտ» շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց Պամանհուրի մէջ շարժումի ժողովին եւ Գահիրէի մէջ իր կեդրոնատեղիին դէմ կատարուած «ոճրային յարձակումը»` վստահեցնելով, որ «սարսափեցնելու եւ ահաբեկելու բոլոր քայլերը արգելք պիտի չհանդիսանան կանխահաս նախագահական ընտրութիւններուն համար 30 յունիսին ցոյցերու հրաւիրող մեր երթին»:

 

Share this Article
CATEGORIES