Իրաքի Վարչապետը Պատմական Այցելութեամբ Էրպիլի Մէջ

Պարզանի եւ Մալիքի

Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի երէկ պատմական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանի մայրաքաղաք Էրպիլ` ինքնավար շրջանին եւ կեդրոնական կառավարութեան միջեւ սառոյցը հալեցնելու համար:

Իրաքի կառավարութիւնը 2003-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Էրպիլի մէջ գումարեց իր ժողովը: Մալիքի եւ նախարարները զինուորական օդանաւով հասան Էրպիլ, ուր դիմաւորուեցան շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանիի կողմէ:

Իրաքեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց կառավարութեան ժողովին ընթացքին Մալիքիի  արտասանած խօսքին մէկ մասը: Ան իրաքցիներուն կոչ ուղղեց համախմբուելու, որպէսզի շրջանային անկայունութեան «վտանգը» դիմակայեն:

«Շրջանը ուժեղ փոթորիկէ կ՛անցնի, յարանուանական փոթորիկէ մը, քաղաքական փոփոխութեանց փոթորիկէ մը եւ շրջանին մէջ տարբեր պատճառներու վրայ հիմնուած իրարանցումներու փոթորիկէ մը», ըսաւ Մալիքի` աւելցնելով, որ «ամէնէն վտանգաւորը վերադարձն է Քայիտայի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ այլոց նման ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն, որոնք (ծայրայեղական կրօնաւորներու) կրօնական հրամանագիրներուն աջակցութիւնը կը վայելեն»:

«Ատիկա սպանութեանց ուրուականը վերադարձուցած է ոչ միայն Իրաք, այլեւ շրջան, եւ որովհետեւ Իրաք շրջանին մաս կը կազմէ եւ ատոր ընդհանուր կազմուածքին մաս կը կազմէր, սկսանք շրջանը հարուածող փոթորիկէն ազդուիլ», նշեց Մալիքի:

Աւելի ուշ, Մասուտ Պարզանի ընդգծեց, որ «Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի ինքնավար մարզ այցելութիւնը կարեւոր է եւ նոր հանգրուանի մը սկիզբը»: Ան յայտարարեց, որ մօտ օրէն Պաղտատ պիտի այցելէ:

Share this Article
CATEGORIES