«Սուրիական Վարչակարգին Զինուորական Գետնի Վրայ Յառաջխաղացքը Ժընեւի Խորհրդաժողովին Կազմակերպումը Կը Դժուարացնէ» Կ՛ըսէ Հէյկ

Ուիլիըմ Հէյկ` հարցազրոյցին ընթացքին

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական վարչակարգին զինուորական գետնի վրայ արձանագրած յառաջխաղացքը Սուրիոյ տագնապը լուծելու միջազգային խորհրդաժողովի կազմակերպման ու յաջողութեամբ պսակման ջանքերը կը դժուարացնէ»:

«Վարչակարգը զինուորական գետնի վրայ յառաջխաղացք արձանագրեց, եւ ատոր գինը անգամ մը եւս մեծաթիւ զոհեր էին եւ քաղաքայիններու դէմ բռնի ուժի կուրօրէն օգտագործում»` նշելով, որ «գետնի վրայ ներկայ կացութեան զարգացումը մեզի չ՛օգներ քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծումի հասնելու»:

Մինչ Հէյկ զգուշացուց, որ այս կացութիւնը «Ժընեւի խորհրդաժողովին կազմակերպումն ու յաջողութեամբ պսակումը կը դժուարացնէ», միաժամանակ ան յայտնեց, որ «այս վարչակարգը հաւանաբար այդ բանակցութեանց ընթացքին զիջումներ կատարելու նուազ պատրաստակամ պիտի ըլլայ եւ ընդդիմութիւնը բանակցութեանց մասնակցելու համոզելը այլեւս աւելի դժուարացաւ»:

Պատասխանելով «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին յաջողութեան կարելիութեան մասին հարցումի մը, բրիտանական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «ներկայիս Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ-ի միջեւ այս հարցով աշխուժ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան»:

 

Սուրիոյ Բանակը Հալէպի Մէջ «Հիւսիսի Փոթորիկ» Գործողութեան Կը Սկսի

Զինուորական աղբիւր մը «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ սուրիական բանակը սկսած է «Հիւսիսի փոթորիկ» կոչուող գործողութեան մը, որուն նպատակը Հալէպի նահանգին ու քաղաքի մերձակայքին վերատիրացումն է:

Նշեալ զինուորական գործողութիւնը շղթայազերծուած է կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, եւ սուրիական բանակէն ուժեր շարժած են Հրիթանի, Քաֆար Համրայի եւ Աթարեպի ուղղութեամբ, իսկ գիշերը ժամը 10:00-ին Անտանի ուղղութեամբ շղթայազերծուած է գործողութիւն մը, որուն նպատակը սուրիական ընդդիմութեան զինեալներուն գումակային օժանդակութեան կարեւոր երկու ուղիներու վերատիրանալն է:

Սուրիական բանակէն ուժեր նաեւ Հալէպէն հարաւ գտնուող Նապել եւ Զահրա գիւղերը շրջափակումէ ազատելու համար շրջան ուղղուած են, իսկ Աֆրինի մէջ քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերու եւ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան միջեւ բախումները կը շարունակուին:

Նեթանիահու. «Մեր Ապահովութիւնը
Կոլանի Մէջ Միջազգային Ուժերուն
Չենք Կրնար Վստահիլ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը երէկ հաղորդեց, որ Նեթանիահու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկումները կեդրոնացած են Սուրիոյ կացութեան վրայ, մանաւանդ Կոլանէն հեռանալու մտադիր աւստրիական ուժերը ռուսական ուժերով փոխարինելու ռուսական առաջարկէն ետք:

Նեթանիահուի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ քննարկուած են Սուրիոյ կացութեան վերաբերող հարցեր, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ «կացութիւնը օրէ օր կը բարդանայ»:

Նեթանիահու ակնարկելով Քնէյթրա գիւղին մէջ տեղի ունեցած բախումներուն, նշած է, որ «անցեալ շաբաթ տեսանք, թէ ի՛նչ ճակատումներ տեղի ունեցան Կոլանի մէջ` մեր սահմանին մօտ»:

Աւելի ուշ, Նեթանիահու յայտնեց, որ «Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմին պիտի չմիջամտէ, այնքան ատեն որ կրակոցները մեր ուղղութեամբ չեն, սակայն Կոլանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն քայքայումը յստակ կը դարձնէ, որ Իսրայէլ չի կրնար իր ապահովութիւնը միջազգային ուժերու ներկայութեան վստահիլ»:

«Միջազգային ուժեր կրնան համաձայնութեանց մէկ մասը ըլլալ, սակայն անոնք չեն կրնար Իսրայէլի ապահովութեան հիմնական կռուանը հանդիսանալ»:

Իսրայէլեան Բանակը Կը Սպառնայ Հարուածել
Կոլանի Մէջ Սուրիական Հրասայլերը

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ «իսրայէլեան բանակը այլեւս չի դիմանար Սուրիա-Իսրայէլ սահմանին վրայ տիրող կացութեան, երբ այդտեղ սուրիական կանոնաւոր բանակին եւ ընդդիմութեան ուժերուն միջեւ բախումները կը սրին»:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բանակը սահմանին վրայ սուրիական բանակի հրասայլերուն կողմէ արգիլեալ Կապոյտ գիծի գօտի մուտք գործելու շարք մը պարագաներ նշմարած է: Այդ հրասայլերը այդտեղ մուտք գործելով ռմբակոծած են ընդդիմադիր զինեալներու դիրքեր, ինչ որ սահմանին վրայ գտնուող իսրայէլեան ուժերը ահազանգի մատնած է:

Ըստ օրաթերթին, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն պատրաստած է «սուրիական խախտումները ետ մղելու» նոր ծրագիր մը, որուն հիմամբ սահմանին մօտեցող սուրիական հրասայլերը պիտի հարուածուին:

Միւս կողմէ, Յորդանան երէկ յայտարարեց, որ «Զգօն առիւծ» ռազմափորձը, որուն կը մասնակցին 19 երկիրներէ 8 հազար զինուորներ, ընթացք առած են, սակայն «այդ ռազմափորձերը հիւսիսի դրացի Սուրիոյ իրադարձութիւններուն հետ կապ չունին»:

 

Share this Article
CATEGORIES