Թուրքիոյ Իշխանամէտ Եւ Ընդդիմադիր Ցուցարարներու Միջեւ Բախումներ. Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Կը Մերժէ Կանխահաս Ընտրութիւնները

Թուրքիոյ մէջ բողոքի ցոյցերը 10-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցան: Երէկ երեկոյեան Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ մեծ հաւաք մը տեղի ունեցաւ: Իսկ Անգարայի մէջ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցան:

Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ շաբաթ գիշեր Ատանայի մէջ իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր ցուցարարներ բախում մը ունեցած են: Իշխանամէտներու խմբակ մը քարեր արձակած է քայլարշաւ կատարող ընդդիմադիր ցուցարարներու դէմ: «Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդեց, որ թրքական ոստիկանութիւնը շրջանէն կիներն ու մանուկները հեռացուցած է, իսկ երկու կողմերուն միջեւ բախումները շարունակուած են` օգտագործելով քարեր եւ գաւազաններ:

Մինչ այդ շաբաթ կէսօրէ ետք Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան մինչեւ օրս արձանագրուած մեծագոյն բողոքի ցոյցերը: Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործեց` ցրուելու համար Անգարայի Քույուլու այգիին մէջ հաւաքուած աւելի քան տասը հազար ցուցարարները: Իսկ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ հաւաքուած շուրջ տասը հազար ցուցարարներուն շարքին էին Պոլսոյ մրցակից ֆութպոլի խումբեր Պեշիկթաշի եւ Ֆեներպահչէի համակիրները, որոնց միացան նաեւ Կալաթասարայի եւ այլ ֆութպոլի խումբերու համակիրներ. անոնք միաձայն կը բացագանչէին. «Ամէնուրեք դիմադրութիւն է»:

Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը
Կ՛որոշէ Հաւաքներ Կազմակերպել

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Որոշող եւ գործադիր խորհուրդը որոշեց 15 յունիսին Անգարայի եւ 16 յունիսին Պոլսոյ մէջ «Միասնականութեան եւ համերաշխութեան» հաւաքներ կազմակերպել:

Չելիք. «Կանխահաս Ընտրութիւններու
Կարիք Չկայ»

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Հիւսէյն Չելիք Պոլսոյ մէջ կուսակցութեան Որոշող եւ գործադիր խորհուրդի  չորս ժամ տեւողութեամբ եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ու կառավարութեան գլխաւոր պաշտօնատարներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ժողովէն ետք յայտնեց, որ կանխահաս ընտրութիւններու մասին տարաձայնութիւնները ամբողջովին անհիմն են եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան իրենց ճշդուած ժամկէտին` 2015-ին:

«Կանխահաս ընտրութիւններու կարիք չկայ: Խորհրդարանը ժամացոյցի պէս կը գործէ: Անցեալին (կառավարութիւններ) չէին կրնար նոյնիսկ նախարարաց խորհուրդը միախմբել: Քաղաքական կայունութիւն կայ: Բարեբախտաբար, կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու պատճառ չկայ: Աշխարհը տնտեսական տագնապով զբաղած է, սակայն Թուրքիոյ մէջ ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ: Ընտրութիւններ տեղի պիտի չունենան, որովհետեւ մարդիկ փողոցին մէջ քայլարշաւ կը կատարեն», ըսաւ Չելիք:

Չելիք նաեւ վերահաստատեց, որ կառավարութիւնը պատրաստ է քաղաքացիներուն «տրամաբանական» պահանջները լսելու, սակայն աւելցուց, որ համաձայն պիտի չըլլայ կարգ մը պաշտօնատարներ պաշտօնազրկելու պահանջին: «Մեր վարչապետը պիտի չպաշտօնազրկէ ոեւէ մէկը, որ կը կարծէ, թէ պատասխանատու չէ (ժողովուրդին դէմ յանցագործութեանց): Եթէ անոնց պահանջները ենիչերիներու կողմէ կարգ մը գլուխներ ուզելու նման է, անոնք որեւէ յաջողութիւն պիտի չունենան», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Թաքսիմի միասնականութեան ծրագիր խմբակը Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչի հետ իր հանդիպումին ընթացքին Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարին, Պոլսոյ կառավարիչին եւ ցուցարարներու դէմ բռնարարքներ գործած ոստիկաններու պաշտօնազրկումը պահանջած էր:

Չելիք յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ վերջին զարգացումները սկսան, մինչ կառավարութիւնը 30-ամեայ քրտական հարցը լուծելու համար կարեւոր քայլեր առաւ եւ արձանագրեց տնտեսական յաջողութիւններ, ինչպէս` Թուրքիոյ Դրամական միջազգային ֆոնտին ունեցած պարտքի փակումը: «Ճիշդ ինչպէս 12 սեպտեմբերի (1980) յեղաշրջումէն առաջ, կարգ մը զգայնութիւններ կը գրգռուին եւ կարգ մը նահանգներու մէջ կը կատարուին կարգ մը գրգռութիւններ, որոնք կրնան յարանուանական տագնապներու վերածուիլ», նշեց ան:

Չելիք ըսաւ, որ Թաքսիմի մէջ վերակառուցուելիք զօրանոցը սովորական առեւտրական համալիրի մը նման պիտի չըլլայ, «սակայն (ցոյցերը) միայն բնապահպանական զգայնութիւններու մասին չեն այլեւս»: «Հոլովոյթը կառավարութեան վերահսկողութեան տակ է: Պոլսոյ կառավարիչի գրասենեակը ձեզի պիտի հաղորդէ, թէ Թաքսիմի մէջ ի՛նչ պիտի կատարուի: Մտահոգուելու կարիք չկայ», ընդգծեց ան:

«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ նահանգապետ Հիւսէյն Աւնի Մութլու «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ ներում հայցած է Թաքսիմի ցուցարարներէն` ոստիկանութեան կողմէ անհամաչափ ուժի օգտագործման համար:

Պոլսոյ քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ յայտարարեց, որ Կեզի այգիին մէջ առեւտրական կեդրոն պիտի չկառուցուի, սակայն ընդգծեց, որ քաղաքի իշխանութիւնները չեն պատրաստուիր Թաքսիմի հրապարակին վրայ շինարարական աշխատանքներ կատարելու մտքէն ամբողջովին հրաժարելու: «Մենք հաստատ մտադիր չենք այստեղ առեւտուրի կեդրոն, պանդոկ կամ բնակելի տուն կառուցելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Թաքսիմ հրապարակի շրջանին մէջ հաւանաբար պիտի կառուցուի թանգարան եւ ցուցասրահ:

Էրտողան Իր Համակիրներուն Կոչ Կ՛ուղղէ
2014-
ին Տեղական Կառավարման Մարմիններու
Ընտրութիւններուն Ընթացքին
Ցուցարարներուն Դաս Մը Տալու

Էրտողան Անգարայի օդակայանին մէջ հաւաքուած հազարաւոր համակիրներու առջեւ խօսք մը արտասանելով` անոնց կոչ ուղղեց 2014-ին նախատեսուած տեղական կառավարման մարմիններու ընտրութեան ընթացքին ցուցարարներուն «դաս մը տալու»:

«Մեր առջեւ միայն եօթը ամիս մնաց մինչեւ տեղական կառավարական մարմիններու ընտրութիւնները. կ՛ուզեմ, որ անոնց ժողովրդավարական միջոցներու մասին առաջին դաս մը տաք քուէատուփերու ճամբով», ըսաւ ան:

Էրտողան երէկ երեկոյեան հասաւ Անգարայի Էսենպողա օդակայան, ուր հաւաքուած էին տասնեակ հազարաւոր համակիրներ: Ան խօսք մը արտասանելով յայտարարեց, որ համբերութիւնը չափ ու սահման ունի: «Ժողովուրդը միայն Կեզի այգիին մէ՞ջ է: Պոլսոյ օդակայանին մէջ մեզ դիմաւորելու եկողները ժողովուրդին մաս չե՞ն կազմեր: Հիմա Անգարայի մէջ հաւաքուածնե՞րը եւս ժողովուրդին մաս չեն կազմեր», հարց տուաւ ան:

«Փոխանակ Կեզի այգին կամ Քույուլու այգին գրաւելու, ընտրութիւններուն եօթը ամիս կայ: Համբերատար եղէք եւ քուէատուփերու ճամբով ճակատինք», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով, որ ցուցարարները բարբարոսութիւն կը կատարեն: «Իրաւունքներն ու ազատութիւնները բռնարարքներով չեն իրականացուիր, այլ օրէնքի ծիրին մէջ», նշեց ան:

Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումներու ժամանակաշրջանը անցած է` նշելով, որ Թուրքիա ժողովրդավարական ժամանակաշրջան մուտք գործած է եւ Թուրքիոյ մէջ միայն ընտրական հոլովոյթը տեղ ունի: Ան աւելցուց, որ ոմանք Թուրքիոյ պատկերը աղաւաղելու իմաստով շահ ունին:

Share this Article
CATEGORIES