Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր խստիւ դատապարտեց զինեալներու կողմէ Տէյր Աշայեր սահմանամերձ շրջանի բանակի անցարգելին զինուորներուն դէմ արձակուած կրակոցները: Ան հաստատեց, որ Ռաշայայի եւ Արեւմտեան Պեքաայի շրջանները պիտի մնան օրէնքին ենթակայ շրջաններ` կոչ ուղղելով ձերբակալելու զինուորներուն դէմ կրակ բացող յանցագործները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի շեշտեց, որ Լիբանան դժուար հանգրուանէ մը կ՛անցնի ոչ լիբանանեան պատճառներով: Ան շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուածը մտահոգիչ է եւ անիկա Սուրիոյ իրադարձութիւնները կ՛արտացոլէ: Փաուլի կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին կազմելու Լիբանանի նոր կառավարութիւնը:
ԼԱՊՈՒԷԻ հրապարակին վրայ երէկ անծանօթներու կողմէ առեւանգուած են 5 սուրիացիներ, որոնք կ՛ուղղուէին դէպի Արսալ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ «Ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազն է, որ կը պաշտպանէ Լիբանանը եւ զայն անկախ կը պահէ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ յարանուանական գրգռութիւններու հրահրումը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մեծագոյն եւ ամէնէն վտանգաւոր սխալներէն կը նկատուի:
ԱՐՍԱԼԻ մէջ երկու ընտանիքներու միջեւ հարց մը վերածուեցաւ զինեալ բախումներու, որոնց պատճառով սպաննուեցաւ կին մը:
40 ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ Արսալի ճամբով Քուսէյրէն փոխադրուեցան Լիբանան եւ բժշկական խնամք ստացան Ժըպ Ժըննինի հիւանդանոցին մէջ: Վիրաւորներուն մէջ էր նաեւ լիբանանցի մը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ կարող է դէմ դնել ներկայ հանգրուանի մարտահրաւէրներուն:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր շեշտեց, որ ամբողջ շրջանը պիտի համակուի փոփոխութիւններով եւ Լիբանան եւս մաս կը կազմէ այդ փոփոխութիւններուն: Ան զգուշացուց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը` անոնց որդեգրած ներկայ քաղաքականութենէն` աւելցնելով, որ բոլորը պէտք է վերադառնան «ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը արժանի է բոլորին յարգանքին, որովհետեւ ան կը պաշտպանէ իր երկիրն ու իր քաղաքացիները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է պաշտպանել Լիբանանը եւ պահպանել անոր ազգային միասնականութիւնը:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ ոչ ոք պիտի կարենայ զիրենք յարանուանական գրգռութիւններու մղել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքժի երէկ մահացաւ: Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` Խաշըքժի մզկիթին մէջ:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Թրիփոլիի զարգացումները:

