Ուահապ Ցեխարձակումներ Կը Կատարէ, Իսկ Հանրապետութեան Միւֆթին Կը Դատապարտէ

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շաբաթավերջին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ Սուրիոյ դիմագրաւած ներկայ տագնապը ի վերջոյ պիտի յաղթահարուի` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին առումով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կեցուածքները չեն ծառայեր տիւրզի համայնքին շահերուն:

Ուահապ հաստատեց, որ մեծ ամօթ կը նկատէ Ֆուատ Սինիորայի դարուն ապրիլը` նշելով, որ Քուսէյրի ճակատամարտին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը շատ կարեւոր է եւ ժամանակը պիտի փաստէ ատիկա:

Ուահապ աւելցուց, որ Սէուտական Արաբիոյ միւֆթին անկար մըն է` աւելցնելով, որ ան 600 անգամ իր բերանը պէտք է մաքրէ, նախքան Հըզպալլայի մասին խօսիլը:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ մերժեց եւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ միւֆթիին հասցէին կատարուած բոլոր ցեխարձակումները` աւելցնելով, որ շէյխ Ապտել Ազիզ Ալ Շէյխի դէմ կատարուած ցեխարձակումը աշխարհի բոլոր իսլամները անարգելու համազօր է:

«Խստիւ կը մերժենք նման ցեխարձակումներ, որոնք կատարուած են պարզապէս որոշ տարակարծութիւններու պատճառով:

Միւֆթի Քապպանի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ միւֆթին իսլամ հոգեւոր պետերու աշխարհին մէջ ամէնէն բարձրն է եւ արաբական դատերու պաշտպանը:

 

Share this Article
CATEGORIES