«Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանատունը Իր Քաղաքացիներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Ենթարկուելու Ծոցի Երկիրներու Խորհուրդին Յայտարարութեան» Շեշտեց Ասիրի

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ գտնուող իր քաղաքացիներուն ենթարկուելու Ծոցի երկիրներու խորհուրդին յայտարարութեան` պահպանելու համար իրենց անվտանգութիւնը:

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ դեսպանատան այս կոչը կարելի է մեկնել այն դիտանկիւնէն, որ Սէուտական Արաբիան յանձնառու է իր քաղաքացիներուն անվտանգութեան, ուր որ ալ ըլլան անոնք:

Ասիրի ընդգծեց, որ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը նախանձախնդիր է նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES