Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն 152-Ամեակին Առիթով. Ռիֆի Շնորհաւորեց Սալեմը

Ներքին ապահովութեան ուժերուն 152-ամեակին առիթով, ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ շնորհաւորեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնը փոխարինող գնդապետ-զօրավար Ռոժէ Սալեմը:

Ռիֆի հաստատեց, որ ապահովական այս կառոյցը մեծ դերակատարութիւն ունի Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով, յատկապէս երբ Լիբանան ենթակայ կը դառնայ սադրանքներու եւ դաւադրութիւններու, որոնց նպատակն է հարուածել Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ապահովական կայունութիւնը:

Ռիֆի շեշտեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու ջանքերուն շնորհիւ է, որ կարելի եղած է պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ եւ բացայայտել ոճրագործներն ու ահաբեկիչները, ինչպէս նաեւ զօրակցիլ բանակին եւ պահպանել քաղաքացիին անվտանգութիւնը:

«Ի՛նչ ալ ըլլան զոհողութիւնները, պիտի զօրակցիմ ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ նեցուկ կանգնիմ անոնց առաքելութեան` Լիբանանը պահելով ազատ, անկախ եւ գերիշխան», հաստատեց հազարապետ-զօրավար Ռիֆի:

Share this Article
CATEGORIES