«Բռնարարքներու Ենթարկուող Մեր Շրջանը Քրիստոնէական Միացեալ Նախաձեռնութեան Կը Կարօտի» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ բռնարարքներու ենթարկուող մեր շրջանը քրիստոնէական միացեալ նախաձեռնութեան մը կը կարօտի:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ այդ նախաձեռնութեան սկիզբը պէտք է ըլլան եկեղեցիները եւ զանազան ձեռնարկները, որոնք կը միացնեն բոլորը եւ կը ձախողեցնեն շրջանը քայքայելու բոլոր փորձերն ու միտումները:

Ռայի պատրիարքը հայցեց Աստուածամօր օգնութիւնը` պահպանելու Լիբանանը եւ լիբանանցիները, դիմադրելով բոլոր անոնց, որոնք կը սպառնան երկրին ճակատագիրին, դերակատարութեան եւ պատգամի երկիր ըլլալու իրողութեան: «Պիտի չարտօնենք, որ սուրբերու երկիր Լիբանանը վերածուի հուրի ու սուրի երկրի մը: Մեր մշակոյթը զէնքի ու պատերազմի մշակոյթը չէ, այլ` խաղաղութեան ու հանդուրժողականութեան մշակոյթն է», շեշտեց ան:

Նշենք, որ Պքերքէ երէկ երեկոյեան իր դռները փակեց բոլոր այցելուներուն դիմաց` սկսելու համար իր տարեկան հոգեւոր խորհուրդի` սիւնհոդոսի ժողովներուն:

Share this Article
CATEGORIES