Նահատակաց Հրապարակին Վրայ Զոյգ Ցոյցեր

Երէկ Նահատակաց հրապարակին վրայ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուեցան ապահովական արտակարգ միջոցառումներ` հսկելու համար նոյն վայրին մէջ տեղի ունենալիք երկու ցոյցերուն, որոնցմէ մէկը սուրիացի ժողովուրդին զօրակցութեան Քուսէյրի ճակատամարտին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը մերժող ցոյց մըն էր, իսկ միւսը` Քուսէյրի ճակատամարտին Հըզպալլայի մասնակցութեան զօրակցական ցոյց մը:

Հըզպալլայի զօրակցական ցոյցին ոչ ոք մասնակցեցաւ, եւ աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ անիկա պաշտօնական նախաձեռնութիւն մը չէր, այլ խուսանաւում մը` անպաշտօն կերպով կատարուած:

Իսկ Նահատակաց հրապարակին վրայ կազմակերպուած միւս ցոյցը, որ սուրիացիներուն արժանապատուութեան զօրակցող ցոյց կը նկատուէր, օժտուեցաւ քանի մը տասնեակ ներկաներու մասնակցութեամբ:

Ցոյցին ընթացքին Սալեհ Մաշնուք յայտնեց, որ 7 մայիսի օրերը աւարտած են` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի մշակոյթը, զէնքը, դրամը եւ սկզբունքները իրանեան են: Ան աւելցուց, որ իրենք կը զօրակցին սուրիացի ժողովուրդին` ջնջելու համար Հըզպալլայի ամօթը:

Իրենց կարգին, երեսփոխաններ Անթուան Անտրաուոս եւ Խալետ Զահրաման, որոնք մասնակցեցան ցոյցին, խստիւ դատապարտեցին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը Քուսէյրի ճակատամարտին:

 

Share this Article
CATEGORIES