Մանսուր – Ապատի Հանդիպում

Մանսուր եւ Ապատի

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր շաբաթավերջին Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց շարք մը իրադարձութիւններ, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ Մանսուրի փոխանցած է նամակ մը` իրանցի անոր պաշտօնակիցին` Ալի Աքպար Սալեհիի կողմէ:

Նամակին մէջ Սալեհի Մանսուրի փոխանցած է իր շնորհաւորութիւնները Դիմադրութեան եւ հարաւի ազատագրութեան տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ Մանսուրի յղած է Իրան այցելութեան հրաւէր մը:

Ապատի նշեց, որ իրենց քննարկումներուն ընթացքին ամէնէն աւելի կեդրոնացած են Սուրիոյ իրադարձութիւններուն վրայ` աւելցնելով, որ Թեհրան կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին եւ բոլոր լիբանանցիներուն:

Ապատի հաստատեց, որ այս հանգրուանին Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդումը կը մնան առաջնահերթութիւն:

Share this Article
CATEGORIES