Նախարար Սապունճեան Յայտարարեց Նոր Նախաձեռնութիւն Մը` Քաջալերելու Համար Տեղական Ճարտարարուեստի Շուկայադրումն Ու Արդիւնաբերութիւնը

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան շաբաթ օր ներկայ գտնուեցաւ Շուֆի ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն կազմակերպած ընթրիքի երեկոյին, որ կը վայելէր իր հովանաւորութիւնը:

Վ. Սապունճեան բարձր գնահատեց Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզը եւ հաստատեց, որ այդ մարզին շնորհիւ որակաւոր արդիւնաբերութիւն կայ երկրին մէջ:

Ան յայտարարեց նոր նախաձեռնութիւն մը` քաջալերելու համար տեղական ճարտարարուեստի շուկայադրումն ու արդիւնաբերութիւնը եւ կոչ ուղղեց մասնակցելու «Լիբանանեան ճարտարարուեստի օր»-ը նշելու ձեռնարկին: Նշենք, որ «Լիբանանեան ճարտարարուեստի օրուան» առիթով, 17 յունիս 2013-ին, Տըպայէի Էմիլ Լահուտի անուան խորհրդաժողովներու կեդրոնին մէջ Վ. Սապունճեանի հովանաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ ճարտարարուեստին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին պիտի պարգեւատրուին լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրեր:

 

Share this Article
CATEGORIES