Բանակը Կը Դիրքաւորուի Ժապալ Մըհսենի Եւ Պապ Թըպպանէի Մէջ
Լիբանանեան բանակը երէկ շարունակեց դիրքաւորուիլ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ` վերցնելով երկու շրջաններուն մէջ գտնուող պատնէշները:
Բանակին դիրքաւորումը սակայն այդքան ալ հեզասահ չընթացաւ` նկատի ունենալով Պաալ Տարաուիշի մէջ բախումի երկու կողմերուն անհամաձայնութիւնը` պատնէշները վերցնելու առնչութեամբ:
Այս խոչընդոտը պատճառ դարձաւ, որ բանակը յաւելեալ զօրքեր ուղղէ Թրիփոլի եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ գործակցելով շարունակէ իր դիրքաւորումի աշխատանքը` առանց ապահովական որեւէ խախտում արձանագրելու:
Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ռիֆաաթ Իտ շեշտեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան զինադադարին եւ կ՛ենթարկուին բանակին որոշումներուն:
Նշենք սակայն, որ շաբաթ օր արձակազինութիւնն ու զինեալ բախումները շարունակուեցան երկու շրջաններուն միջեւ:
Զինեալ բախումներուն զուգահեռ, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ Մոհամետ Քապպարա, Սամիր Ժսըր, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ, պետական նախարարի պաշտօնակատար Ահմետ Քարամէ, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատիի ներկայացուցիչ Ահմետ Սաֆատի:
Հանդիպումէն ետք Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ իրենց հանդիպումները պիտի շարունակուին` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է վերջ տալ Թրիփոլիի արիւնահեղութեան:
Ֆայսալ Քարամէ բարձր գնահատեց Թրիփոլիի մէջ բանակին ի գործ դրած ջանքերը:
Իր կարգին, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ բանակը Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու նպատակով ծրագիր մը մշակած է եւ ամէն գնով պիտի գործադրէ զայն` պահպանելու համար շրջանին եւ շրջանի բնակչութեան ապահովութիւնը:


