Նախագահ Սլէյման Ծոցի Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ Քննարկեց Սուրիացի Գաղթականներուն Թղթածրարը

Արաբական ծոցի երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպումէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի դեսպանները` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը եւ գաղթականներուն ծանր բեռին տոկալու համար այլ երկիրներու կողմէ տրամադրուելիք օժանդակութիւնները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակման վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Նշենք, որ երէկ հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ դարձեալ այցելեց Դամասկոս` շեշտելով, որ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին լուծումը դրական է:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց Թրիփոլիի քաղաքացիական ընկերութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը` ընդգծելով բանակին կողմէ որդեգրուած ապահովական ծրագիրը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը, պահպանել կարենալու համար Թրիփոլիի եւ անոր շրջակայքին անվտանգութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES