Իրանեան Դեսպանատան Դիմաց Տեղի Ունեցած Միջադէպին Պատճառով Սպաննուեցաւ Երիտասարդ Մը

Ահմետ Ասաատի ղեկավարած Լիբանանեան պատկանելիութեան կուսակցութիւնը երէկ իրանեան դեսպանատան դիմաց ցոյց մը կատարեց` մերժելով Քուսէյրի ճակատամարտին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը:

Պէյրութի մէջ կատարուած ցոյցին ներկայ գտնուեցան նաեւ այլ երիտասարդներ, որոնք զօրակից էին Քուսէյրի ճակատամարտին Հըզպալլայի մասնակցութեան:

Թէեւ լրագրողներուն արգիլուեցաւ մօտենալ ցոյցին վայրը, սակայն քամերամենները, որոնք հասած էին ցոյցին մօտակայ վայր մը, կրցած էին նկարել երիտասարդներ, որոնք սեւ շապիկներ հագած էին եւ որոնց մօտ կը գտնուէին բիրեր եւ ոչ թէ զէնքեր:

Ցոյցին ընթացքին արձանագրուեցան բախումներ, որոնց վերջ դնելու նպատակով բանակը միջամտեց եւ օդին մէջ կրակելով փորձեց վերջ տալ բախումներուն:

Սակայն քանի մը վայրկեան ետք Հիշամ Սալման անունով երիտասարդ մը փամփուշտէն վիրաւորուելով փոխադրուեցաւ Պէյրութի Հարիրիի անուան հիւանդանոց, ուր մահացաւ:

Հիւանդանոց փոխադրուեցան նաեւ ինը այլ վիրաւորներ:

Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ 27-ամեայ Հիշամ Սալման Լիբանանեան պատկանելիութեան կուսակցութեան ուսանողական միութեան նախագահն է:

Սպանեալին ընտանիքը փութաց հիւանդանոց եւ նկատի ունենալով ցասումն ու ընդվզումը, հիւանդանոցին շրջակայքը արձանագրուեցան բախումներ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ բանակը փակէ հիւանդանոցը տանող բոլոր ճամբաները:

Այս դէպքին մասին Լիբանանեան պատկանելիութեան կուսակցութեան նախագահ Ահմետ Ասաատ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Հիշամ Սալման շիի մըն է, որուն հայրը եւ մեծ հայրը նոյնպէս շիի համայնքի զաւակներ են, աւելցնելով, որ անոնք զայն սպաննած են բոլորին աչքերուն դիմաց, իսկ բանակն ու ապահովութեան ուժերը պարզապէս դիտորդներ եղած են այս դէպքին:

Share this Article
CATEGORIES