Ընդվզելով Սեփական Գերեզմանատուներու Վերաբերեալ Քննարկումներէն. «Հիմա Ալ Աղքատներու Եւ Հարուստներու Գերեզմանատունե՞ր Կ՛ուզէք» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Անցեալ ուրբաթ օր Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ընթացան «Յուղարկաւորութիւններու կազմակերպման եւ գերեզմանատուներու եւ դիակիզարաններու շահագործման մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններուն եւ լրացումներուն նուիրուած խորհրդարանական քննարկումներ: Օրինագիծին մէջ կը խօսուի նաեւ սեփական գերեզմանատուներ ստեղծելու մասին:

Այս առնչութեամբ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: «Ի՞նչ, հիմա ալ կ՛ուզենք աղքատներու եւ հարուստներու գերեզմանատունե՞ր ունենալ: Շատ լուրջ խնդիրներ կան, բայց արդեօք այդ նախագիծով մենք կը փորձե՞նք այդ խնդիրները լուծել, թէ՞ միայն սեփական գերեզմանատուներ ունենալու հարցն է: Ասիկա ինծի կը մտահոգէ: Բացի անկէ, ես լուրջ մտահոգութիւններ ունիմ նաեւ այն խնդիրին հետ, թէ որքանո՞վ նպատակայարմար է յուղարկաւորութեան հետ կապուած ամէնը տալ սեփական մարզին», յայտարարեց ան:

Սակայն Օրինաց երկիր կուսակցութեան պատգամաւոր Յովհաննէս Մարգարեան կարծիք յայտնեց, որ ատիկա պատճառ պիտի դառնայ մարզի առողջացման, մրցակցութիւնը պիտի սահմանուի եւ գիները աւելի մատչելի պիտի ըլլան: Ան ներկայացուց այս հարցին շուրջ «միջազգային փորձառութիւնը»:

«Դուք ամէն ինչ հաշուի առած էք` եւրոպական, միջազգային փորձառութիւնը, բայց հաշուի չէք առած հայկական աւանդութիւնը: Գերեզմանը սրբութիւն է մեր ազգին համար, երբ առեւտուրի գաղափարը կը մտցնէք, արդեօք ձեր մօտ կա՞ն այդ ազդեցութեան գնահատումները` ընկերային, բնապահպանական, բարոյահոգեբանական», հարցուց Արծուիկ Մինասեան: Ան նաեւ հետաքրքրուեցաւ, թէ ամբողջական հայեցակարգ կա՞յ այս մարզին վերաբերեալ: Առկայ նախագիծերը, ըստ անոր, քննարկման ենթակայ չեն: Դաշնակցական պատգամաւորը առաջարկեց հայեցակարգային մակարդակով զանոնք իրականացնել: «Կիսատ-պռատ բերած էք, սերունդներուն միջեւ համերաշխութիւնն ալ կը վերցնէք», իր մտահոգութիւնը յայտնեց Մինասեան:

 

Share this Article
CATEGORIES