Հայաստան Պիտի Ազատականացնէ Օդանաւորդութեան Մարզը

Հայաստանի կառավարութեան անցեալ շաբթուան նիստին վաւերացուեցաւ օդային փոխադրումներու ազատականացման հայեցակարգը: Կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Արտեոմ Մովսիսեան կառավարութեան նիստէն ետք հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տեղեկացուց, որ պետութիւնը այլեւս պիտի չհովանաւորէ որեւէ օդանաւային ընկերութիւն, դաշտը ազատ պիտի ըլլայ բոլոր ընկերութիւններուն համար:

Կառավարութեան հայեցակարգին համաձայն, բաց երկինքի լիարժէք ազատականացման քաղաքականութիւն պիտի իրականացուի: Կ՛որդեգրուի փուլային ազատականացման քաղաքականութիւնը: Պիտի ստեղծուին օդուղիներու երեք խումբեր, որոնց համար պիտի յայտարարուին մրցումներ: Մրցումներուն, ըստ Արտեոմ Մովսիսեանի, պիտի մասնակցին բացառապէս հայկական ընկերութիւնները, սակայն այդ ընկերութիւնները կրնան միջազգային ընկերութիւններէ բաժնետէրեր ունենալ: Ան համոզում յայտնեց, որ բազմաթիւ հայկական օդանաւային ընկերութիւններ ունակ են լաւագոյն ծառայութիւնները մատուցելու: Առաջին մրցումը կը նախատեսուի իրականացնել մէկ ամիսէն, ատոր իբրեւ արդիւնք երեք օդանաւային ընկերութիւններ պիտի մտնեն օդուղիներու շահագործման շուկայ` մինչեւ հինգ տարի պայմանաժամով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES