Մոռնինկսթար Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Տեղաշարժեր Կը Նշմարէ
Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ տեղաշարժեր կը նշմարուին:
Խօսելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի` անցեալ շաբաթ ունեցած հանդիպումներուն մասին, Մոռնինկսթար ըսաւ, որ Քերրի աշխուժօրէն կը մասնակցի բանակցութիւններուն եւ կը փորձէ շարժել զանոնք մեռեալ կէտէն:
CATEGORIES Հայկական

