Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Յոգնութիւնն ու տրտմութիւնը պատած են ձեզ: Դադրեցուցէք յոգնեցուցիչ աշխատանքները, հեռու մնացէք հեւքէն, ճնշուածութենէ: Հանգստացէք խաղաղ մթնոլորտի մէջ:Արժանի էք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Երաժշտութիւնը կը հանգստացնէ ձեզ: Ձեր ջիղերը պէտք ունին հանդարտելու, հետեւաբար այսօր դադար մը տուէք ձեր ծանրաբեռնուածութեան:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Առօրեայ ծախսեր ունիք անշուշտ, միայն թէ ուշադիր եղէք ձեր հաշիւներուն երբ դրամ կը ծախսէք: «Գոց աչքով» մի մօտենաք նման հարցերու:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր բաղձանքին համաձայն կատարեցէք ամէն բան: Ձեր ակնկալիքները կրնաք իրագործել այնպէս, որ օգտակար ըլլան ձեզի: Հետեւեցէք ուշադրութեամբ օրուան անցուդարձերուն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լսեցէք ինչ որ կը յայտնեն ձեզի: Լսելով կ՛օգտուիք, կը զարգանաք: Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք ընկերային հանդիպումներ: Ձեր ներկայութիւնը խրախուսիչ պիտի ըլլայ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նոր ծրագիրներ իրականացնելու լծուած էք: Կատարեցէք միայն ձեր կարողութեան համաձայն: Գիտակից էք ձեր ուժին, ըստ այնմ որոշեցէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ժամանակը եկած է ձեզի ցոյց տալու ձեր ընելիքը եւ ձեզի տալու ձեր ուզածը: Արթուն եղէք եւ ինքնավստահ, որպէսզի կարենաք վստահութիւն ներշնչել ձեր շուրջիններուն:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ճամբորդելու որոշում տուած էք, ընտրեցէք նուազ ծախսալի վայր մը: Կարեւորը փոփոխութիւն ունենալն է եւ ոչ յաւելեալ դրամ ծախսելը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր տնտեսութիւնը հաւասարակշռելու միջոցներ պիտի գտնէք: Եթէ տկար է ձեր տնտեսութիւնը, այս ձեւով պիտի կարենաք օգուտ քաղել լաւ ձեւով:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Յայտարարեցէք համաձայնագիրի մը վերաբերեալ ձեր ստացած խոստումը, զոր մոռացութեան տալ կը փորձեն: Ուշադիր եղէք ձեր տնտեսական հաշիւին:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հանգստացէք, հեռու մնացէք ծանրաբեռնուած աշխատանքէ: Ամէն ինչ իր կարգին կատարեցէք, առանց չափազանցութեան: Օրը ունի այլ հաճելի պահեր:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բնութեան մէջ հանգստանալու առիթ մը պիտի ստեղծէք: Պարտիզագնացութիւն մը, խոտերու վրայ ճաշ մը շատ լաւ նախաձեռնութիւն մը պիտի ըլլայ: Կատարեցէք առանց տնտնալու:

Share this Article
CATEGORIES