50 Տարի Առաջ (11 Յունիս 1963)
Տիկին Լիւսի Թիւթիւնճեանի
Նկարներու Ցուցահանդէսը
«Ալլեքքօ Սաապ» ցուցասրահին նախաձեռնութեամբ,- Մաամարի փողոց, Վարտիէ – ուրբաթ, 7 յունիս 1963-ին` երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Լիւսի Թիւթիւնճեանի նկարներու ցուցահանդէսին:
Հայ թէ օտար գեղարուեստասէր հասարակութիւն մը եւ մամուլի ներկայացուցիչներ ներկայ գտնուեցան:
Ասիկա առաջին ցուցահանդէսն է, որ կու տար Լիւսի Թիւթիւնճեան` գնահատանքի արժանի փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրելով:
Ցուցադրութեան դրուած էին մօտ 30 նկարներ: Ընդհանրապէս դիմանկարներ, գիւղական տեսարաններ եւ այլն, որոնց մէջ նկատելի էին անմեղութիւն, պարզութիւն, սքանչելի բնականութիւն, գոյներու ներդաշնակութիւն, հարազատութիւն նկարուած` ապրումի խոր զգացումով եւ վառ գոյներով:
Անմեղ Ռուբինա մը, իր պարզութեան մէջ հարազատ պարտիզպանուհին, լքումը ներկայացնող նստած աղջիկ մը, սքանչելի բնականութեամբ եւ գոյներու ներդաշնակութեամբ երկու բարեկամուհիներ իրենց մանկունակ անմեղութեամբ երկու փոքրիկներ, մէկը նստած, միւսը ոտքի, Մինէթ Հոսըն իր բնականութեամբ, հիանալի տեսարան մը արածող կովերու, կաւագործուհիները, փիքնիքի գացած փոքրիկներ` մութ կանաչ գոյներով նկարուած, ուսուցչուհին եւ աշակերտուհին դաշնակի դասի պահուն դարձեալ մութ կանաչ գոյներով, հարազատ տիպար մը Միչիքօն, փոքր գիւղական տնակ մը իրիկնամուտին, գիւղացի մը, այնքան բնական, նստած ու ձեռքերը ծունկերուն, փոքրիկ մը նստած, կռնակը դարձուցած ուրիշ աղջիկ մը դարձեալ նստած, գիւղին բակը իր բնական գեղեցկութեամբ, վառ գոյներով նկարուած տեսարաններ ֆրանսական գիւղերէ, Անին, դիմանկար, ուր նկատելի է ապրումի իսկապէս խոր զգացումը, երեք աղջնակներ, տան աշխատանքի պահը եւ այլն:
Դաշնակահարուհի Լիւսի Թիւթիւնճեան, նախապատուութիւն տալով նկարչութեան, արուեստի ներափոփուած իր պահերը տրամադրած է նկարելու: Ու խորաթափանց վերացումով եւ բանաստեղծական ապրումով, ներշնչուած է ուղղակի իր միջավայրէն: Ահա թէ ինչու իր պաստառները իրական պայծառութեամբ մը եւ գոյներու ներդաշնակ երանգաւորումով կը ներկայացնեն իր շրջապատը:
Գահիրէի մէջ նկարչութեան իր առաջին ուսուցիչները եղած են նկարիչներ Զօրեանն ու Գոճամանեանը:
13 տարիներէ ի վեր հաստատուած է Պէյրութ, ուր մեծապէս օգտուած է Լիւսի Ներսէսեանի եւ Փոլ Կիրակոսեանի արուեստէն:
Խորաթափանց ու զգայուն հոգի, բանաստեղծական զօրաւոր ներշնչում մը նկատելի է իր մէջ: Նկարներէն շատերը, որոշ կերպով կը վկայեն իր ունեցած այս առաւելութիւնը:
Նկարչական արուեստի լուրջ ու յարատեւ աշխատանքը, կատարելագործուելու ձգտումով, իսկական նկարչուհիի մը նախանձելի դիրքին կրնան հասցնել Լիւսի Թիւթիւնճեանը:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ յունիս 19:
ՀՐԱԶԴԱՆ
Օգնութեան Խաչի Նոր Մասնաճիւղը
Անթիլիասի Մէջ
Լիբանանահայ Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը, իր օգտաշատ գործունէութեան առանցքը ընդլայնելով` գեղեցիկ մտածումը ունեցած է Անթիլիասի հետզհետէ աճող հայաշատ կեդրոնին մէջ կազմակերպելու նոր մասնաճիւղ մը:
Անձնուէր հայուհիներ, ընթացք տալով այս մտածումին, արձանագրուած են արդէն, նոր մասնաճիւղի անդամուհիներուն թիւը հասցնելով 70-ի:
Հինգշաբթի, 6 յունիս 1963-ին, Շրջանային վարչութիւնը հրաւիրած էր նոր անդամուհիները, Անթիլիասի մէջ գումարելու մասնաճիւղի առաջին ընդհանուր ժողովը, որուն ներկայ գտնուած են աւելի քան 50 անդամուհիներ:
Ներկայացուած են արտասանութիւններ, մեներգներ, տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն:
Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտի մէջ ներկաները խոստացած են սիրայօժար տրամադրութեամբ իրենց առաւելագոյն օգտակարութիւնը ընծայաբերելու կանացի այս մեծ կազմակերպութեան:
Այնուհետեւ, ընտրուած է մասնաճիւղի առաջին վարչութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Ռօզա Գալճեան, Հայկանոյշ Գրիգորեան, Արշակուհի Փեշտիմալճեան, Էլիզ Ուրիշեան, Գաթրին Գըլըճեան, Շաքէ Թոքաթլեան եւ Մարի Սաքճեան:
Լիայոյս ենք, որ ինչպէս բոլոր մասնաճիւղերը, այս շրջանը եւս պիտի ունենայ ազգօգուտ գործունէութիւն:

