Հայ Աւետարանական Քոլեճին Մէջ Մայրերու Օրուան Նշում

Հովանաւորութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճի հոգաբարձութեան, կազմակերպութեամբ վարժարանի Տիկնանց ընկերային յանձնախումբին, շաբաթ, 25 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու տօնին նուիրուած ձեռնարկ:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհաւորեց մայրերու տօնը` մաղթելով բոլոր մայրերուն` առողջութիւն, երկար կեանք, յաջողութիւն եւ բախտաւոր օրեր: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ վարժարանի շրջանաւարտներէն Շուշան Արթինեանին պատրաստած տեսերիզը` Հայ աւետարանական քոլեճի 90-ամեակին առիթով:

Օրուան հիւր երգչուհի Նուշիկ Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ օրկանիստ Սագօ Պետրոսեանի, մեկնաբանեց գաւառական, ազգային եւ էսդրատային երգերու փունջ մը` առաւել եւս փայլք տալով ձեռնարկին:

Աւարտին Մարալ Մխսեան հրաւիրեց բոլոր մայրերը, որպէսզի միասնաբար հատեն կարկանդակը:

Share this Article
CATEGORIES