Այնճարի Հայ Աւետ. Երկր. Վրժ.ի «Նայիրի» Երգչախումբին Ելոյթը

 

 

 

 

 

Յարգելով վերջին տարիներու աւանդութիւնը, շաբաթ, 1 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Հետուիկ» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Այնճարի Հայ աւետ. երկր. վրժ.ի «Նայիրի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Լորի Այնթապլեանի:

Ելոյթէն առաջ վեր. Րաֆֆի Մըսրլեան բացման խօսքով ողջունեց բոլոր ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց խմբավարին եւ դաշնակահարին, գնահատեց ծնողներուն քաջալերանքը նման ձեռնարկներու առիթով եւ շնորհաւորեց երգչախումբին աշակերտները, որոնք հայ երգ երգելով` կը տարածեն հայ երաժշտութիւնը:

Երգչախումբը կատարեց շարք մը հոգեւոր, ազգային-հայրենասիրական եւ օտար լեզուներով երգեր: Երեսուն աշակերտներէ բաղկացած «Նայիրի» երգչախումբը հրամցուց կոկիկ յայտագիր մը, որ գնահատուեցաւ ունկնդիրներուն կողմէ:

Ներկաները սրահէն մեկնեցան գոհունակ սրտով եւ շնորհաւորեցին երգչախումբին բոլոր անդամները` այս գեղեցիկ կատարումին առիթով:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES