Հայաստանի Ա.Հանրապետութեան 95-ամեակին Առիթով. Սարդարապատի Պատմական Յաղթանակին Նուիրուած Աշակերտական Տօնակատարութիւն
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 95-ամեակին առիթով Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ, այսօր, 27 մայիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական տօնակատարութիւն` ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստի, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ դրօշակի արարողութենէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը Աշակերտական խորհուրդին անունով արտասանեց Աննա-Քրիսթինա Գոլանճեան, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք ծածանեցաւ մայիսեան արշալոյսի եռագոյնը եւ 28 մայիս 1918-ի յաղթանակը դարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենահերոսական եւ լուսաւոր թուականը: Գոլայճեան ըսաւ, որ հայ աշակերտութիւնը պէտք է պաշտպանէ Հայաստանին անկախութիւնը, տէր կանգնի հայրենիքին եւ իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնէ` կերտելու ամբողջական Հայաստանը:
Ապա ելոյթ ունեցան լիբանանահայ երգչուհի Շաքէ Պաղտասարեան, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներ Նայիրա Պաղտասարեան եւ Պեթի Սուլեան, որոնք երգեցին ազգային երգեր:
Այս առիթով խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ Սարդարապատի մեծ յաղթանակի ոգին շարունակուեցաւ պատմութեան իրերայաջորդ հանգրուաններուն եւ մայիս 28-ի շունչը բացայայտ էր արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ, երբ հայերը միասնաբար կռուեցան սարդարապատեան կամքով: Մեսրոպեանի տնօրէնը ըսաւ` «Մենք հզօր ենք Հայաստանով, եւ Հայաստանը հզօր է մեզմէ իւրաքանչիւրով»:
Սարդարապատի պանծալի յաղթանակին նուիրուած աշակերտական հաւաքը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով եւ «Պահպանիչ»-ով:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

