Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Հայ Մշակոյթի Օր. «Նռան Հատիկներ»

Վերջապէս հասաւ ամենասպասուած եւ ցնծալի օրը` «Հայ մշակոյթի օր»-ը, որ այս տարի կը զուգադիպէր ուրբաթ, 17 մայիս 2013-ին: Արդարեւ Կ Բ վարժարանին համար աւանդութիւն դարձած այս օրուան ընթացքին  կը նշուի նաեւ ուսման հնագոյն դարբնոցներէն` վարժարանիս հիմնադրութեան տարեդարձը: Նման աւանդոյթ մը ամենապարզ, սակայն ամենացայտուն ապացոյցն է ազգային արժէքներու պահպանման:

Այս տարի հայ մշակոյթին նուիրուած աւանդական հանդիսութիւնը կը կրէր տարբեր բնոյթ: Երեկոյեան ժամը եօթէն սկսեալ վարժարանիս գաւիթը կը խայտար նախակրթարանի աշակերտներուն ուրախ ու խանդավառ ճիչերով, անոնց վառվռուն աչուկները կը խոստանային արդարացնել բոլորին յոյսերը` ուխտելով մնալ «ջահակիրները հայ մշակոյթին», մեր դարաւոր ժառանգութեան: Նշեալ կարգախօսը կ՛ամբողջացնէր բեմին յարդարանքը, որուն կեդրոնը տեղադրուած էր յաւերժութեան նշանը` շրջապատուած արագիլներով, որոնց կողքին կը փայլէր կարմիր նուռը` իր քաղցր հատիկներով: Այս յարդարանքը մտայղացումն էր գծագրութեան դասատու Զեփիւռ Քիւսփեկեանի:

«Նռան հատիկներ» գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ նախակրթարանի պատասխանատու Վերա Սվաճեան, որ շեշտեց մշակոյթի պահպանման անհրաժեշտութիւնը եւ զայն սերունդէ սերունդ փոխանցելու պարտականութիւնը, որ վստահուած  է նաեւ հայ վարժարանին: Ան աւելցուց, որ մշակոյթը ամփոփումն է ժողովուրդի մը դարաւոր արժէքներուն` ապրումներուն,  յոյզերուն, երազներուն եւ պատմութեան, որուն պէտք է ծանօթանայ իւրաքանչիւր սերունդ եւ իր ներդրումով հարստացնէ ու ճոխացնէ զայն: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց ձեռնարկին կազմակերպման համար ջանք չխնայող բոլոր պատասխանատուներուն ու մասնակից աշակերտներուն:

Վարժարանին երգչախումբը, որուն մաս կը կազմէին չորրորդ դասարանէն մինչեւ ութերորդ դասարան մեծ թիւով աշակերտներ, խմբավարութեամբ Շողիկ Թորոսեանի, ուշագրաւ ներկայացումով ու քաղցրանուշ մեկնաբանութեամբ ոգեւորեց ներկաները` հրամցնելով հայրենասիրական երգերու փունջ մը: Երկձայն երգչախումբին դաշնակի վրայ կ՛ընկերակցէր Յասմիկ Գասպարեանը: Բուռն ծափողջոյնները ապացոյց էին ներկաներուն գնահատանքին եւ գոհունակութեան:

Նախակրթարանի աշակերտներու պարային ելոյթները արտակարգ եռանդ հաղորդեցին ներկաներուն: Աշակերտները տարուան ընթացքին հետեւելով պարուսոյց Անի Կոստանեանի ցուցմունքներուն` խորապէս տպաւորեցին հանդիսատեսը: Նազանի աղջիկներն ու արի եւ կրակոտ տղաքը գունագեղ տարազներով, ինքնատիպ ոճով ու համաչափ ներդաշնակութեամբ ներկաները փոխադրեցին մերթ հայրենիք` մշակոյթի անծայրածիր անդաստանը, մերթ` մայրիներու երկիրը, որ միշտ երիտասարդ է իր մշակոյթով ու նուիրական արժէքներով: Չորրորդ եւ վեցերորդ դասարաններէն խումբ մը տղաք ապրումով ասմունքեցին Ժաք Յակոբեանի «Ազգային ժառանգութիւն» բանաստեղծութենէն հատուածներ:

Հետաքրքրական եւ  ինքնատիպ բեմադրութեամբ բեմ բարձրացան վարժարանին թատերախումբի անդամները, որոնք բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի բեմադրութեամբ ներկայացուցին  Յովհաննէս Թումանեանի «Կիկոսի մահը»:

Հանդիսատեսը հրճուանքով խայտաց, երբ բեմ բարձրացան միջնակարգի աղջիկները, որոնք Անիթա Քէլէշեանի հսկողութեամբ ներկայացուցին հայկական պար մը:

Մթնոլորտը անգամ մը եւս խանդավառուեցաւ,  երբ  այս անգամ  բեմ բարձրացան նախակրթարանի այլ դասարաններէ տղաք ու աղջիկներ, ապա` միջնակարգի աղջիկները, որոնք իրենց պարային ներկայացումներով վայելքի պահեր պարգեւեցին ներկաներուն:

Վեցերորդ դասարանի «Սասունցիներու պար»-էն ետք եզրափակիչ պարով` «Հզօր Հայաստան»-ով աշակերտները յաջողութեամբ պսակեցին իրենց վստահուած առաքելութիւնը` վառ պահելով հայ մշակոյթը: Սրտապնդիչ երեւոյթ էր տեսնել հայ աշակերտներ` իրենց հայութեամբ հպարտ, նկատառելի ձիրքերով օժտուած, որոնք անշփոթ ինքնավստահութեամբ կը մեկնաբանէին իրենց վստահուած բաժինները: Բացայայտ էր խնամուած յայտագիր մը ներկայացնելու տքնաջան եւ անխոնջ աշխատանքը, որ պսակուեցաւ նշանակալի յաջողութեամբ` խլելով ներկաներուն ծափողջոյնները:

Վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմէնճեան փակման իր խօսքին մէջ անդրադառնալով աշակերտներուն այլազան ձիրքերուն` աւելցուց, որ այդ տաղանդները  աստուածատուր պարգեւներ են մեր զաւակներուն, եւ մեր պարտականութիւնն է, որպէս դպրոց ու ծնողք, մշակել ու զարգացնել այդ կարողութիւնները եւ առիթ ընծայել, որ աշակերտները հանրութեան առջեւ կարենան զանոնք ինքնավստահութեամբ ներկայացնել: Ան աւելցուց, որ աշակերտին ամբողջական աճ ապահովելու համար վարժարանը իր ծրագրով կը ջանայ ուսում եւ կրթութիւն ջամբելու կողքին, նպաստել փոքրերուն ֆիզիքական, ազգային, մշակութային ու հոգեւոր աճին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերած էին կատարելութեան հասցնելու համար աշակերտներուն տաղանդները:

«Նռան հատիկներ» գեղարուեստական յայտագիրը աւարտեցաւ եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի օրհնութեան աղօթքով:

ԱՆԻ ՏԱՔԷՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES