Ազգային Ե. Մանուկեան Քոլեճի Ա.-Դ. Կարգերը Հանդիսութեամբ Մը Կը Նշեն Մայրերու Տօնը

Ուրբաթ, 31 մայիսին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ: Այնտեղ համախմբուած էին ոչ միայն մեր աշակերտներուն մայրերը, այլ նաեւ` մեծ մայրերը: Արդարեւ, շաբաթ մը առաջ պատրաստուած էին կակաչի ձեւով իւրայատուկ հրաւիրատոմսեր, աշակերտները կը մասնակցէին փորձերու, տարազներ կը պատրաստուէին ու ամէնքը անհամբեր էին իրենց լաւագոյնը հրամցնելու իրենց մամաներուն ու մեծ մամաներուն:

Հասաւ սպասուած ժամը: Բեմի կեդրոնը տեղադուած էր նուէրի ձեւ ունեցող պաստառ մը, որուն վրայ կը կարդացուէր «Նուէր մայրիկիս ու մեծ մայրիկիս» խօսքը: Բացման խօսքը կատարեց քոլեճի ուսուցչուհիներէն Թամար Ստեփանեան: Ան վեր առաւ հայ մօր դերը հայեցի դաստիարակութեան, հայապահպանման ու զաւակներու առողջ դաստիարակութեան մէջ եւ համբերութիւն ու քաջառողջութիւն մաղթեց բոլոր մայրերուն:

Ապա բեմ բարձրացան տարբեր դասարաններէ խումբ մը փոքրիկներ, որոնք զրոյցի մը ընդմէջէն ներկայացուցին, թէ իրենք կ՛ուզէին աշխարհի ամէնէն թանկ նուէրները գնել իրենց մայրերուն ու մեծ մայրերուն, սակայն որովհետեւ տակաւին շատ փոքր էին, մտածեցին այս գեղարուեստական փունջը նուիրել անոնց:

Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Ա.-Դ. կարգերու աշակերտները` պարելով, մայրերու նուիրուած երգերով, արտասանութիւններով ու չափական նուագով:

Ապա խումբ մը փոքրիկներ դարձեալ բեմ բարձրացնելով փոխանցեցին, թէ հայը մի՛շտ իր մայրենի լեզուին ու մշակոյթին ամուր կառչելով հանդերձ, կը տիրապետէ այլ լեզուներու եւ ծանօթ է այլ մշակոյթներու: Ուստի, յայտագրի Բ. մասը կը ներառէր արաբերէն ու անգլերէն արտասանութիւններ ու նուագ, ռուսական ու արդի պարեր:

Յայտագրի Գ. բաժինը նուիրուած էր Սարդարապատի յաղթանակը կերտած զինուորներ, Արցախը ազատագրած ազատամարտիկներ ու հերոսներ ծնած բոլոր մայրերուն: Այս բաժինը կը ներառէր ազգային-հայրենասիրական երգեր, չափական նուագ ու ազգագրական պարեր:

Ապա բեմ բարձրացաւ քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան, որ դրուատեց հայ մօր առաքինութիւնները`  նշելով, որ հայ ժողովուրդը ՄԱՅՐ մակդիրով մկրտած է իր նուիրական արժէքները, ինչպէս` հայրենիքն ու լեզուն եւ հայ գրագէտներ ու արուեստագէտներ իրենց ստեղծագործութիւնները նուիրած են անոր: Տնօրէնը անդրադարձաւ նաեւ հայ մօր հայապահպանման գործին մէջ ունեցած դերին ու խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Տակաւին չեն վերջացած հայ մօր դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները: Նիւթականացած այս դարուն հայ մայրը պարտաւորութիւնը ունի իր մանուկը դաստիարակելու հայկական արժէքներով, սորվեցնելով հայկականը, տէր կանգնելով հայկականին, պարտադրելու տան մէջ հայերէն խօսիլ, երբ յաճախ օտարը տիրական է ու աւելի հրապուրիչ»: Ապա տնօրէնը բեմ հրաւիրեց նախակրթարանի ուսուցիչները` որպէս աշակերտներու երկրորդ մայրեր եւ ծաղկեփունջներով պատուեց զանոնք:

Յայտագրի աւարտին սրահի չորս կողմերէն ու բեմէն տուեալ չորս կարգերու աշակերտները միասնաբար պարեցին «Իմ անունն է Հայաստան» պարը` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ:

Share this Article
CATEGORIES