ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ 3-ՐԴ ՕՐՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՑՈՅՑ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ

Վրաստանի մէջ քանի մը հարիւր ցուցարարներ երրորդ օրն ըլլալով շարունակեցին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի հրաժարականը պահանջող իրենց ցոյցը: Շուրջ 300 ցուցարարներ Թիֆլիսի մէջ վրացական պետական պատկերասփիւռի կայանի շէնքին առջեւ հանրահաւաք մը կատարեցին: Անոնցմէ շատեր գաւազաններով զինուած էին: Կիրակի օր Թիֆլիսի մէջ կարճատեւ բախում մը տեղի ունեցաւ, երբ ոստիկանութիւնը ձգախէժէ փամփուշտներ եւ արցունքաբեր կազ օգտագործեց` ցրուելու համար ցուցարարները, որոնք անցնող ինքնաշարժներուն դէմ յարձակում գործեցին:

Գաւազաններով զինուած ցուցարարները յայտնեցին, որ կ՛ուզեն ցոյցի վայրը պաշտպանել հաւանական որեւէ ճնշումէ: Ցուցարարները խոստացան այդտեղ մնալ, մինչեւ որ նախագահը հրաժարի:

Ընդդիմութիւնը Սահակաշվիլին կ՛ամբաստանէ հետզհետէ աւելի բռնատիրական ընթացք որդեգրելու, համատարած աղքատութեան դարման չբերելու եւ 2008-ին Ռուսիոյ հետ տեղի ունեցած աղէտալի պատերազմին ընթացքին երկրէն ընդարձակ տարածքներ կորսնցնելու համար:

Ընդդիմադիր ղեկավար Նինօ Պուրճանածէ յայտնեց, որ Վրաստանի մէջ «յեղափոխութիւն» մը սկսած է, սակայն ցոյցերու մասնակիցներուն թիւը փոքր է: Շաբաթ օր ցուցարարներուն թիւը վեց հազար էր, կիրակի օր այդ թիւը նկատառելի կերպով նուազած էր, իսկ երկուշաբթի օր 300 էր:

Իշխանութիւնները կը յայտնեն, որ ցոյցերու անխափան շարունակութիւնը պիտի արտօնուի, այնքան ատեն, որ անոնք խաղաղ կը մնան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES