«ՍԱԼԵՀ ԻՐ ՍՏԱՆՁՆԱԾ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆՑ ԿՌՆԱԿ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յուսախաբութիւն յայտնեց Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի` Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութիւնը ստորագրել մերժելուն առնչութեամբ: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ խոր յուսախաբութիւն կը զգան Սալեհի վարուելակերպին շարունակուելուն համար` նշելով, որ Սալեհ այդ ձեւով «իր յանձնառութեանց կռնակ կը դարձնէ եւ կ՛անտեսէ Եմէնի ժողովուրդին օրինական ձգտումները»:
Քլինթըն Սալեհին կոչ ուղղեց` «իշխանութիւնը խաղաղ ու կանոնաւոր կերպով փոխանցելու եւ Եմէնի ժողովուրդին օրինական կամքը կատարելու առումով իր ստանձնած յաջորդական յանձնառութիւնները յարգելու»: Ան իր զայրոյթը արտայայտեց, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու դեսպանները պաշարած Սալեհի համակիր խմբաւորումներուն դէմ: Ան դատապարտեց այդ արարքը եւ Սալեհէն պահանջեց յարգել Եմէնի մէջ գործող բոլոր դիւանագէտներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու իր յանձնառութիւնը:
Ֆրանսա իր կարգին դատապարտեց Սալեհի «անպատասխանատու» վարուելակերպը: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը Սալեհը պատասխանատու նկատեց Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութեան ձախողութեան համար, եւ Սալեհի կողմէ այս վարուելակերպին շարունակման պարագային Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կողմէ միջոցառումներու որդեգրման կարելիութեան ակնարկեց:
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրները կիրակի ուշ գիշերին Ռիատի մէջ իրենց արտակարգ նիստի աւարտին յայտարարեցին, որ որոշած են Եմէնի տագնապին լուծման համար իրենց նախաձեռնութեան ուղղութեամբ «աշխատանքը առկախել»: Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ կիրակի օր մերժած էր նախաձեռնութիւնը ստորագրել:
Ռիատի մէջ տեղի ունեցած նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ «ատոր համար յարմար պայմաններու չգոյութեան պատճառով խորհուրդը որոշեց առկախել նախաձեռնութեան ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքը»:
Ծոցի շրջանէն բարձրաստիճան աղբիւրներ քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութեան ականահարումը Եմէնը կրնայ դէպի արիւնահեղութիւն առաջնորդել: Եմէնի նախագահը կիրակի ուշ գիշերին ընդդիմութեան ներկայացուցիչները զգուշացուց նախագահական պալատ գալով համաձայնութիւնը անգամ մը եւս չստորագրելու պարագային քաղաքացիական պատերազմէ մը: «Եթէ մտիկ չընեն, կը նշանակէ, որ կ՛ուզեն երկիրը դէպի քաղաքացիական պատերազմ ուղղել», ըսաւ Սալեհ: Նշենք, որ Սալեհ երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն պաշտօնապէս ներում հայցեց` Սանաայի մէջ անոնց դեսպանատան պաշարման համար:
Միւս կողմէ, երէկ մայրաքաղաք Սանաայի մէջ ընդդիմադիր ղեկավար, Հաշետ ցեղախումբի ցեղապետ եւ երկրին ամէնէն ազդեցիկ ցեղապետը նկատուող շէյխ Ապտալլա Ահմարի հետեւորդներուն եւ եմէնեան ոստիկանութեան միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան: Շէյխ Ահմարի հետեւորդները գրաւեցին Եմէնի պարենաւորման նախարարութիւնը: Բախումներուն պատճառով բազմաթիւ լրագրողներ բանտարկուած մնացին Եմէնի պետական լրատու գործակալութեան շէնքին մէջ, ուր արձանագրուեցան վիրաւորներ: Հաշետ ցեղախումբի զինեալները Սանաա ուղղուեցան` օժանդակելու համար ցեղախումբի տեղւոյն ուժերուն: