«ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ» ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՂ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԱԾ Է
Ըստ «Ուիքիլիքս»ի, Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ֆինանսաւորած են Փաքիստանի մէջ գործող ահաբեկչական ցանցը, որ միաժամանակ զբաղած է 8 տարեկանէն աւելի տարիք ունեցող երեխաներու զինուորագրումով:
«Ուիքիլիքս» կը նշէ, որ վերոնշեալ երկու պետութիւններն ալ տարեկան 100 միլիոն տոլար ուղարկած են Փաքիստանի Փենճապ նահանգին մէջ գործող ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն: Ֆինանսաւորումը կազմակերպուած է Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ աջակցութիւն ստացած կրօնական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու միջոցով:
CATEGORIES Միջազգային

