Աւելի Քան 400 Հոգիի Մասնակցութեամբ. Հեծելարշաւի Օր` Ժիպէյլի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Ժիպէյլի քաղաքապետութեան, գործակցութեամբ «Կրին մայնտ»-ի ու այլ կազմակերպութիւններու եւ հսկողութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 9 յունիսին Հարֆ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հեծելարշաւի օր մը` «Պայքաթոն-Ժիպէյլ» անուան տակ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 400 երկսեռ հեծելանւորդներ` լիբանանեան տարբեր վայրերէ եւ տարբեր վարժարաններէ ժամանած:
Տեղի ունեցան երեք տարբեր տեսակի հեծելարշաւի մրցումներ` 2 քմ, 10,5 քմ եւ 21 քմ:
Հեծելանւորդներուն ժամանման գիծը եղաւ Ժիպէյլը, ուր տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
CATEGORIES Մարզական



