Կռփամարտ. Դաւիթ Հայրապետեան Ոսկի Մետալ Մը Ապահովեց Ռուսիոյ

Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան, նախորդ շաբաթավերջին Ռուսիոյ հաւաքականին համար առաջին ոսկի մետալը ապահովողը հանդիսացաւ Դաւիթ Հայրապետեան:

49 քկ դասակարգին մէջ Հայրապետեան առանց իր մրցումը կատարելու հանդիսացաւ ախոյեան` նկատի ունենալով, որ բժիշկները անոր մրցակիցին արգիլեցին այս ճակատումը կատարել` առողջական պատճառներով:

Այսպիսով, Հայրապետեան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանար ախոյեան:

Share this Article
CATEGORIES