Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան Մաս Կազմեց Բ. Խմբակին
Նախորդ շաբաթավերջին Ֆիլիփեան կղզիներու մայրաքաղաք Մանիլայի մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի 27-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ երկրին մէջ` 1-11 օգոստոսին:
Սոյն ախոյեանութիւնը երկրորդ անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ, իսկ առաջին անգամ ըլլալով` վերջին քառասուն տարիներուն ընթացքին:
Հիւրընկալ երկիրը մաս կազմեց Ա. խմբակին` իրեն մրցակից ունենալով Յորդանանը, Թայուանը եւ Սէուտական Արաբիան:
Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ մաս կազմեց Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Հոնկ Քոնկը, Ճափոնը եւ Քաթարը:
Գ. խմբակին մաս կը կազմեն տիտղոսակիր Չինաստան, Իրան, Հարաւային Քորէա եւ չորրորդ խումբ մը, երբ աւարտին հարաւարեւելեան Ասիոյ զտումի մրցումները:
Վերջապէս, Դ. խմբակին մաս կը կազմեն Ղազախստան, Հնդկաստան, Պահրէյն եւ հարաւարեւելեան Ասիոյ խումբերէն մէկը:
Բ. հանգրուանին իրենց տոմսերը կ՛ապահովեն իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երեք դիրքերը գրաւողները: Ապա երկու խմբակներու առաջին երկու դիրքերը գրաւողները կ՛ապահովեն քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:

