2014-ի Մոնտիալ. Լիբանան Կը Պատրաստուի Իրանի Դէմ Կատարուելիք Մրցումին

Լիբանանի կատարած փորձերէն

Շաբաթ, 8 յունիսին Թեհրան ժամանած Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը շաբաթ օրուան նման իր փորձերը շարունակեց նաեւ երէկ` կիրակի, լաւապէս պատրաստուելու համար Իրանի դէմ կատարուելիք Ասիոյ գօտիին 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի վերջին մրցումին:

Նշենք, որ վաղուան այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 18:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Նշենք, որ այս մրցումին համար Լիբանանի մարզիչ Թէօ Պէօքըրի կողմէ նկատի առնուած մարզիկներն են.

ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Ապպաս Հասան, Լերի Մհաննա եւ Մեհտի Խալիլ:

ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Մուհթազ Ժընիտի, Նուր Մանսուր, Մոհամետ Թահհան, Հիւսէյն Աուատա, Մոհամետ Համմուտ եւ Հասան Տահեր:

ՄԻՋՆԱՊԱՀՆԵՐ.- Ապպաս Աթուէ, Նատեր Մաթար, Մոհամետ Աթուէ, Մոհամետ Շամաս եւ Համզէ Սալամէ:

ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ.- Հասան Մաաթուք, Հասան Շըհիթօ, Ֆայեզ Շամսին եւ Մահմուտ Քըժոք:

 

Share this Article
CATEGORIES