«ՄԵԶԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԵՆ ԻՍԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծին քննարկման ժամանակ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան, անդրադառնալով Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեանի այն յայտարարութեան, որ ընդդիմութիւնը իր ներկայացուցած տարբերակին մէջ այնպիսի ենթակայական ներմուծումներ կը փորձէ կատարել, որ կարելիութիւն ըլլայ ընտրութիւններէն ետք արդիւնքը վարկաբեկել, հարցուցած է. «Մինչեւ հիմա Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած անճոռնի եւ այլանդակ ընտրութիւնները հետեւանքն են այն բանին, որ կազմակերպիչները, այսինքն` իշխանութիւնները ոչ թէ վատ կազմակերպած են ընտրութիւնները, այլ որովհետեւ ընտրական օրէնսգիրքին մէջ եղած են կէտեր, որոնք թոյլ տուած են ենթակայական կերպով վարկաբեկե՞լու այդ ընտրութիւնները, իսկ ընտրութիւնները եղած են մաքուր, զուլալ եւ արդա՞ր»:
Պատասխանելով Վահան Յովհաննիսեանի հարցումին` նախարարը յայտնեց, որ ինք չի յիշեր տրամաբանութեան մէջ այնպիսի հաւաքաբանութիւն, որուն էութիւնը հետեւեալն է, որ եթէ անձրեւը կու գայ, ապա գետինը թաց կ՛ըլլայ, բայց եթէ գետինը թաց է, ատիկա չի նշանակեր, որ անձրեւ կու գայ:
Հակադարձելով նախարարին` Վ. Յովհաննիսեան նշեց, որ ի զուր կը կարծէ, որ հաւաքաբանութեան իմաստը միայն ինք կը հասկնայ դահլիճին մէջ եւ աւելցուց, որ Լեհաստանի մէջ համայնավարները իշխանութենէն զրկելէն ետք ներկայիս Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը իր խումբի անդամներուն հետ եւս երկմտանքի առջեւ կանգնած էր` ընե՞լ իսկական բարեփոխումներ, թէ՞ ոչ:
«Անոնք հասան այն եզրակացութեան, որ իսկական բարեկարգումը այն է, որուն իբրեւ արդիւնք իշխանութիւնը կը կորսնցնես: Եթէ կը փորձես բարեփոխում կատարել այնպէս, որ դուն միեւնոյն ժամանակ բոլոր պարագաներուն իշխանութեան մնաս, այդ բարեփոխումը բարեփոխում չէ», բացատրեց Վահան Յովհաննիսեան: Ան աւելցուց, որ այսուամենայնիւ բարեփոխումը իրականացաւ եւ Լեհաստանն ալ բնականոն ժողովրդավար երկիր դարձաւ, բայց բարեփոխումներ իրականացուցած ուժերը կորսնցուցին իշխանութիւնը եւ «տուն գացին»:
Ելոյթի աւարտին Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, ըստ երեւոյթին անհանգստացած «տուն երթալու» ձեւակերպումէն, արձագանգեց Վահան Յովհաննիսեանի ելոյթին` ըսելով, որ «ձեզի բարեկարգումը պէտք չէ, պարոն Յովհաննիսեան, ձեզի պէտք է, որ մենք իշխանութիւնը կորսնցնենք»:
«Անկեղծօրէն, այո՛, ինծի պէտք է, որ դուք իշխանութիւնը կորսնցնէք: Ես ատիկա երբեք չեմ թաքցուցած: Իսկ դուք ինչո՞վ այդ արժանիքները վաստկած էք, որ անընդհատ իշխանութեան վրայ մնաք: Ժողովուրդի վիճա՞կը ձեզի այդ կարելիութիւնը կու տայ», պատասխանեց Վ. Յովհաննիսեան: