«ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՄԵՂՄԱՑՆԷ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան երէկ համոզում յայտնեց, որ համաներումը պիտի կիրարկուի մինչեւ 21 սեպտեմբեր:
Ան տեղեկացուց, որ խորհրդարանը վաղը պիտի քննարկէ նախագահ Սերժ Սարգսեանին կողմէ Ազգային ժողովին ներկայացուած համաներման առաջարկը: Իսկ երէկ Ազգային ժողովը ընդունեց քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները, որոնք ուղղակի կապ ունին այդ համաներման հետ:
Ազգային ժողովի նախագահը ողջունեց հանրապետութեան նախագահին քայլը: «Կը հաւատամ, որ այդ առաջարկին համար շատ ճիշդ պահ ընտրուած էր` անկախութեան 20-ամեակին առիթով, եւ նախագահին այս քայլը պիտի մեղմացնէ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը: Տարբեր երկիրներու նախագահներ այսպիսի մարդասիրական քայլեր կ՛իրականացնեն», ըսաւ Յովիկ Աբրահամեան:
CATEGORIES Հայկական