ՍԱՐԳՍԵԱՆ – ԱԼԻԵՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ` ՔԱԶԱՆԻ ՄԷՋ
Դիւանագիտական աղբիւր մը «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ ղարաբաղեան տագնապին լուծման հարցով հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 25 յունիսին` Քազանի մէջ:
Նախքան նախագահներու հանդիպման կայացումը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները շրջան պիտի այցելեն:
CATEGORIES Հայկական