ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սպանական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հըզպալլան կ՛ամբաստանէ քաղաքական սպանութիւններ գործելու յանցանքով:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը հաստատեց, որ անցեալ շաբաթավերջին ամբողջ Լիբանանի տարածքին ձերբակալուած են 52 յանցագործներ, որոնք գործած են տարբեր բնոյթի յանցանքներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ պէտք է արագացնել Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին կողմէ հրաւիրուած օրէնսդրական նիստը չի ջնջուիր, եթէ քաղաքական որոշ խմբաւորում մը մերժէ մասնակցիլ այդ նիստին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ  նախնական ամբաստանութիւնը արձակուի մայիս ամսուան աւարտին, այլ խօսքով` յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման կը փորձէ Լիբանանը վերածել Սուրիոյ դէմ դաւադրութեան դաշտի մը:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի այցելուներէն, յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կազմելու համար կառավարութիւնը: Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը երաշխիք է տնտեսութեան, ապահովութեան, Դիմադրութեան եւ Սուրիոյ:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ պատկերասփիւռի կայանը սփռեց ամբաստանեալի մը վկայութիւնները, որոնց մէջ ան շեշտեց, որ զէնքերը Պանիաս կը հասնէին Լիբանանի ճամբով:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպումը պատճառ դարձած է, որ կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւնները հասնին զերօ կէտին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ Ճեֆրի Ֆելթման կը փորձէ Լիբանանը միջամուխ դարձնել Սուրիոյ դիմագրաւած ներքին հարցերուն եւ տագնապալի իրադարձութեան:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Միքաթի այս շաբթուան ընթացքին կառավարութեան կազմի իր պատկերացումը պիտի ներկայացնէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին` յուսալով, որ այդ կազմը ստանայ նախագահին վաւերացումը:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, նախորդ 48 ժամուան ընթացքին ոչ մէկ հաղորդակցութիւն կատարուած է կառավարութեան կազմութեան հարցով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Այուպ Հըմայէտ շեշտեց, որ բանակը, Դիմադրութիւնը եւ ժողովուրդը միակ երաշխիքն են պահպանելու համար հողը եւ հայրենիքը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES