ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Անդրադարձ` Ժան Փոլ Կիրակոսեանի պաստառներու ցուցահանդէսին:

– Լրատուութիւն` Անգարա կը շարունակէ շեշտել, որ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան կարելի է լուծում գտնել բարեկարգումներու գործադրութեամբ:

«ՍԱՖԻՐ»

– Լրատուութիւն` Թուրքիոյ կողմէ մարդասիրական նոր նաւատորմ մը դէպի Կազա ուղարկելու, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի դէմ Թուրքիոյ զգուշացումներուն մասին, որոնք կոչ կ՛ուղղեն Մաւի Մարմարա նաւատորմին փորձառութիւնը չկրկնելու:

– Տոհայի մէջ տեղի ունեցած արաբական-թրքական խորհրդաժողովին մասին լրատուութիւն մը, որուն մէջ կը հաստատուի խորհրդաժողովին ընթացքին շեշտուած այն գաղափարը, որ պէտք է միանգամընդմիշտ ըմբռնել, թէ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պաղեստինեան հարցին մասին չի մտածեր, այլեւ` Անգարայի անձնական շահերուն մասին:

«ՏԻԱՐ»

– Յօդուած մը, որ կ՛անդրադառնայ Սուրիոյ մէջ տիրող ազգային միասնականութեան մթնոլորտին եւ խաղաղութիւն կը մաղթէ երկրին:

– Վերլուծական յօդուած մը, որ կ՛ընդգրկէ

Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ, յանձինս` վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ ցուցաբերուած դաւադրական վերաբերումին մասին հարցումներ:

– Լրատուութիւն այն մասին, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ կոչ կ՛ուղղէ Համասին` ճանչնալու Իսրայէլը:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Շարք Աուսաթ» եւ «Հայաթ» օրաթերթերը):

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»

– Ակնարկ` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ յառաջիկայ 12 յունիսի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուելիք յաղթանակը երաշխաւորելու միտումով որդեգրուած քայլերուն:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»

– Հարցազրոյց սուրիացի ընդդիմադիր Սաէր Նաշեֆի հետ: Հարցազրոյցին ընթացքին Նաշեֆ կը հաստատէ, որ Թուրքիա մօտիկ ապագային պիտի հիւրընկալէ սուրիական ամբողջ ընդդիմութեան խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին ընդդիմութիւնը իր բոլոր կողմերով եւ ներկայացուցիչներով պիտի քննարկէ սուրիական իրավիճակը:

«ՍԱՏԱ ՊԱԼԱՏ»

– Լրատուութիւն այն մասին, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու զգուշացուց Դամասկոսը` շեշտելով, որ ժամանակը կը հատնի եւ պէտք է անպայման գործադրել բարեկարգումները:

(Նոյն լուրին անդրադարձած է նաեւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը):

Share this Article
CATEGORIES