ՌԱՊԻԷԻ ՄԷՋ. ԶՕՐ. ԱՈՒՆ – ՆՈՒՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց եգիպտական Ալ Ղատ կուսակցութեան նախագահ Այման Նուրը` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութեանց պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեանի:
Հանդիպումէն ետք Նուր յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ ունեցած իր այս հանդիպումը երկրորդ հանդիպումն է` աւելցնելով, որ իրենց առաջին հանդիպումէն ի վեր արդէն վեց ամիս անցած է եւ արաբական աշխարհին, յատկապէս Եգիպտոսի մէջ մեծ փոփոխութիւններ արձանագրուած են:
Նուր նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Եգիպտոսի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկային երկրին դիմագրաւելիք մարտահրաւէրները` հաստատել կարենալու համար ժողովրդավարութիւնը:
Նուր նկատել տուաւ, որ զօր. Աունի հետ իր հանդիպումը շինիչ եղած է իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան առումով. ան շեշտեց, որ Եգիպտոսի մէջ պէտք է ամրապնդել իսլամ – քրիստոնեայ համակեցութիւնը:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Հուզի Քըզիանը. հանդիպումին ներկայ էր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութեանց պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեան:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան – չինական երկկողմանի յարաբերութիւնները: