ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 8 ՅՈՒԼԻՍԻՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՖՐԱՆՍԱ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ 8 յուլիսին պիտի այցելէ Ֆրանսա` ընդառաջելով նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հրաւէրին:
Միւս կողմէ, 1 յունիսին, Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ պիտի նախագահէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, իսկ օր մը ետք` 2 յունիսին, Ռայի պատրիարքին նախաձեռնութեամբ Պքերքէի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջմարոնիական հանդիպում մը, որուն ներկայ պիտի գտնուին չորս ղեկավարները` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ, ինչպէս նաեւ մարոնի բոլոր երեսփոխանները:
Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին` ուրբաթ, շաբաթ եւ կիրակի օրերուն Ռայի պատրիարքը այցելէ Զղարթա:
Միւս կողմէ, մարոնի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց դպրոցական պատուիրակութիւններ, որոնց կոչ ուղղեց քանդելու բոլոր այն պատնէշները, որոնք լիբանանցիները կը բաժնեն:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ միայն այդ ձեւով է, որ կարելի կ՛ըլլայ լիբանանեան ընկերութեան միասնականութիւնը ամրապնդել:
Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Պքերքէի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ապտալլա Ֆարհաթ: