ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՌԱՖԱՐԵՆԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի անձնական ներկայացուցիչ Ժան Փիեռ Ռաֆարենը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնի:
Հանդիպումէն ետք Ռաֆարեն յայտնեց, որ ինք Միքաթիի հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ անոր յայտնած Ֆրանսայի զօրակցութիւնը:
Ռաֆարեն դիտել տուաւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ Միքաթիի ջանքերը եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Ռաֆարեն հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ամուր բարեկամութիւն մը կայ` աւելցնելով, որ Փարիզ առաւելագոյն չափով նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի անկախութեան եւ ապահովական կայունութեան:
Պատասխանելով հարցումի մը, որ արդեօք եւրոպական կամ ֆրանսական նախաձեռնութիւն մը առաջադրուա՞ծ է` կառավարութեան կազմութեան առումով, Ռաֆարեն շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ինքնիշխան է, «իսկ մենք` իբրեւ Լիբանանի բարեկամ երկիրներ, կը զօրակցինք անոր եւ կը քաջալերենք անոր ազգային միասնականութիւնն ու իսլամ – քրիստոնեայ համակեցութիւնը: Մեզի համար Լիբանանը միասնականութեան խորհրդանիշն է», եզրափակեց ան:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Աալ Քանային: Քննարկուեցան լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Միքաթի ինքզինք երբեք պարտաւորուած չի զգար` գործադրելու ամերիկեան օրակարգերը, որոնք ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնան ունենալ իր համոզումներուն եւ տեսակէտներուն վրայ:
ՆՇԵՆՔ, որ Ռաֆարեն այցելեց նաեւ գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտաքին հարցերու խորհրդական Մոհամետ Շաթահի: