ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԻ ՄՈՒՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Ուիլիըմզ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ յայտարարեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ իր քննարկումները կեդրոնացած են Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վրայ: Ան շեշտեց, որ բոլոր կողմերը պէտք է աշխատին, որ 15 մայիսին արձանագրուած դէպքերուն նման արկածներուն առաջքը առնուի:

Ուիլիըմզ աւելցուց, որ ինք հանդիպում մը ունեցած է նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ եւ անոր հետ քննարկած սահմանային Կապոյտ գիծին եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին վերաբերող հարցեր:

Պըրրիի այցելեց նաեւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու գործավար նախարար Ալի Ապտալլան, որուն ընկերակցեցաւ մարզիկներու պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ իրեն ցաւ պատճառողը այն է, որ ոմանք կ՛անտեսեն այն իրականութիւնը, որ Դիմադրութեան գոյութեան պատճառը Իսրայէլն է եւ իսրայէլեան բռնագրաւումը:

Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ամերիկեան դեսպանատան հաղորդագրութիւնը կարդալէ ետք ինք աւելի եւս փաստած է, որ ինք ճիշդ որոշում մը տուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանին չհանդիպելով:

Share this Article
CATEGORIES