ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՍԱՐՔՈԶԻԷՆ ՍՏԱՑԱՒ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Ժան Փիեռ Ռաֆարենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները եւ բոլոր մարզերուն մէջ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին Ռաֆարեն նախագահ Սլէյմանին յանձնեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիէն զօրակցական նամակ մը:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման ողջոյնի իր խօսքերը փոխանցեց Սարքոզիին` Ֆրանսային մաղթելով բարգաւաճում եւ կայունութիւն:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ. քննարկուեցան հարաւային Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս` Պաղեստինեան աղէտին 63-ամեակին առիթով հարաւային Լիբանանի մէջ կատարուած ցոյցին ընթացքին արձանագրուած դէպքերը:
Նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտեց անզէն ցուցարարներուն դէմ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ կրակ բանալու արարքը: Ան շեշտեց նաեւ, որ ՄԱԿ պէտք է ճնշում բանեցնէ Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան առիթը օգտագործէ եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն միանայ` Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած արաբական վեհաժողովի որոշումներուն տրամադրութեան հիման վրայ, եւ ընդունի պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ զբօսաշրջութեան գործավար նախարար Ֆատի Ապպուտ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց ամրան նախօրեակին նախարարութեան որդեգրած քայլերը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց


