Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ «Կարօ Գոնիալեան» Սրահի Բացում

Կիրակի, 9 յունիս 2013-ին տեղի ունեցաւ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Կարօ Գոնիալեան» սրահի բացումը` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Արդարեւ, Ս. պատարագը մատուցուեցաւ հանդիսապետութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր եւ ներկայութեամբ Պօղոս եւ Լուսին Գոնիալեան ամոլին: Յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հանգուցեալ Կարօ Գոնիալեանի հոգւոյն, որուն ընթացքին սրբազան հայրը շատ իմաստալից քարոզ մը տուաւ. ան Աւետարանէն մէջբերում կատարեց` շեշտը դնելով ողորմութեան եւ բարեսիրութեան վրայ, վկայաբերելով Պօղոս եւ Լուսին Գոնիալեաններու բարեսիրութեան ոգին, բարերարներ, որոնց նուիրատուութեամբ իրականացաւ եկեղեցւոյ սրահին կառուցումը` ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ որդւոյն` Կարոյի:

Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ Գոնիալեան ամոլը ընդունեց ցաւակցութիւնները: Ապա տեղի ունեցաւ նորակառոյց սրահի բացումը: Առաջնորդ սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Գոնիալեան ամոլին, հատեց ժապաւէնը միասնաբար: Իր բացման խօսքով` Թաղականութեան ատենապետ Սարգիս Բարմաքսըզեան ներկայացուց մինչեւ օրս կատարուած շինարարական իրագործումները` շնորհիւ իրերայաջորդ թաղական խորհուրդի կազմերու եւ քահանայ հայրերու միացեալ ջանքերուն: Ան մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Պօղոս եւ Լուսին Գոնիալեաններուն, որոնց բարերարութեամբ իրականացաւ եկեղեցւոյ ներքին քարապատումը, վերնատան եւ սրահի շինութիւնը:

Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Արա Պարսումեան: Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազան հօր խօսքով:

 

Share this Article
CATEGORIES